ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ յայտնեց, որ պրէօվէի պետական քննութեան արդիւնքները պիտի հրապարակուին 29 յունիսին, «իսկ քանի մը օր ետք պաքալորէայի պետական քննութեան արդիւնքները պիտի հրապարակուին», աւելցուց ան:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց երկրին հաստատութենական աշխատանքը ամրապնդելու, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը փոխադրել աւելի ապահով վայր մը:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին շեշտեց, որ կուսակցութիւններուն մէջ կինը պէտք է լուրջ դերակատարութիւն ստանձնէ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ հաւանաբար ընտրական նոր օրէնքին գործադրութեան պատճառով համախմբումի երեսփոխաններուն թիւը նուազի` աւելցնելով, թէ կարեւորը այն է, որ Լիբանանը շահի:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երկիրը փրկած են այնպիսի թակարդէ մը, որ կրնար զինք կուլ տալ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան հաստատեց, որ վաւերացուած ընտրական նոր օրէնքը շատ աւելի լաւ է, քան իշխանութեան պարագային արձանագրուելիք դատարկութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Օսէյրան շեշտեց, որ երկրին իշխող քաղաքական պայմանները հսկայ քաոս մը ստեղծած են:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին շեշտեց, որ Ռուսիա դէմ է համայնքային քանթոններու կազմութեան` շեշտելով, որ Մոսկուա կը հաւատայ բազմազանութեան վրայ հիմնուած ժողովրդավարութիւններուն: Զասիփքին երեկոյեան այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի երեսփոխանական ընտրութիւններու սեմին` կոչ ուղղելով երկրին քաղաքական ուժերուն այդ ընտրութիւններուն հիման վրայ մրցակցելու:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ վաւերացուած ընտրական նոր օրէնքը ճիշդ ուղիին վրայ առնուած ճիշդ քայլ մըն է:
ԲԱՆԱԿԻ հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպին, որուն հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Այուպ Հըմայէտ նշեց, որ Լիբանան արդի վարչակարգ մը ունենալու նոր առիթ մը ստացած է ընտրական օրէնքին ընդմէջէն:
«ԷՄ. ՔԱ.» տիպի իսրայէլեան օդանաւեր երէկ յետմիջօրէին թռիչքներ գործեցին Մազարեհ Շեպաայի, Արքուպի եւ Հասպայայի վերեւ` հասնելով արեւմտեան Լիբանանի Շէյխ լեռնաշղթան:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի կոչ ուղղեց կազմելու ազգային խորհուրդ մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկողութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ այցելեց հայր Մարուն Շիտիաքին` անոր յայտնելու համար իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները` Մարոնի միաբանութեան աբբահայր ընտրուելուն առիթով:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան քարտուղար երեսփոխան Ասեմ Քանսօ կոչ ուղղեց վիճարկելու ընտրական նոր օրէնքը` շեշտելով, որ աշխարհի վրայ նման օրէնք գոյութիւն չունի:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ահաբեկչութեան դէմ մղուող պատերազմը ճիշդ ձեւն է` զայն արմատախիլ ընելու իմաստով:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ Հըզպալլայի դաշինքը հաստատուն է` աւելցնելով, որ վաւերացուած ընտրական նոր օրէնքը ազգային նուաճում է:
ՀԱՆԳՍՏԵԱՆ կոչուած գնդապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզ յայտնեց, որ Քեսրուանի մէջ իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն: