Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Բրիտանիոյ Դեսպանէն Տեղեկութիւններ Պահանջեց Շքէյր Ընտանիքին Մասին

June 17, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շեշտեց, որ Լիբանանի հիմնումէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով է, որ վաւերացուած է համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնք մը:

Ան նշեց, որ այդ օրէնքը կարեւոր փոփոխութիւններ պիտի իրագործէ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ իշխանութեան պիտի հասցնէ քաղաքական նոր շրջանակ մը, որուն կիզակէտը պիտի ըլլայ փոփոխութիւնն ու բարեկարգումը, ի մասնաւորի փտածութեան վերացումը` երկրին տարբեր կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն մէջ:

Նախագահ Աուն ցաւ յայտնեց, որ կիներու ներկայացուցչութեան մասնաբաժինը նկատի չէ առնուած ընտրական նոր օրէնքին մէջ` աւելցնելով, որ այդ կորուստը կարելի է հատուցել յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն  իգական սեռի ներկայացուցիչներուն թեկնածութիւնը աշխուժացնելով, որովհետեւ սահմանադրութիւնը խտրութիւն չի դներ կին թէ այր թեկնածուներուն միջեւ:

Նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց ,որ կուսակցութիւնները իրենց ընտրացանկերուն մէջ կին թեկնածուներ նկատի ունենան:

Ան դրուատեց նաեւ մագնիսական քարտի օգտագործումը` շեշտելով, որ անիկա առիթ կու տայ քուէարկողներուն ուղղուելու իրենց գտնուած շրջաններուն մէջ գտնուող քուէակեդրոնները, ինչպէս նաեւ կ՛արգիլէ քուէները կեղծելու քայլերը, ինչպէս նաեւ առիթ չի տար, որ քուէարկողները չարաշահումի ենթարկուին:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի վաւերացումէն ետք կառավարութիւնը պիտի ուղղուի երկրին տնտեսական մարզը բարելաւելու, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն  նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին տրամադրուած բրիտանական օժանդակութիւններուն հարցը:

Նախագահ Աուն Շորթըրէն տեղեկութիւններ պահանջեց Լոնտոնի մէջ հրկիզուած շէնքին պատճառով անյայտ կորսուած Շքէյր ընտանիքին մասին` պահանջելով բրիտանական իշխանութիւններէն փնտռել այդ ընտանիքը:

Շորթըր շեշտեց, որ փրկարար աշխատանքները շուրջօրեայ դրութեամբ կը շարունակուին Լոնտոնի մէջ, սակայն լիբանանցի ընտանիքին ճակատագիրին մասին ոչ մէկ նորութիւն գոյութիւն ունի:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ Բրիտանիոյ մէջ լիբանանեան դեսպանատունը անմիջապէս տեղեակ պիտի պահուին որեւէ նորութեան պարագային:

 

Նախորդը

Մոկերինի Եւ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կ՛ողջունեն Լիբանանի Ընտրական Օրէնքը

Յաջորդը

Խորհրդարանը Երէկ Վաւերացուց Համամասնական Ընտրական Օրէնքը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.