Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ նախագահեց կուսակցութեան նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութիւնը լուրջ վտանգի դիմաց կը գտնուի:
Նիստին ընթացքին հաստատուեցաւ նաեւ, որ կառավարութիւնը ձախողած է սպասուած դրական ցնցումով իրեն նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւնը վերականգնելու աշխատանքին մէջ, իսկ ընտրական օրէնքը խորքին մէջ մեծամասնական օրէնք մըն է, որ միայն անունով համամասնական է:
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը դատապարտեց ժողովրդավարական վարչակարգին պարագային ընդդիմութիւնը քաղաքական գործունէութենէն հեռացնելու արարքը` շեշտելով, որ Պաապտայի մէջ խորհրդակցական նիստէն զիրենք հեռու պահելու մասին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի պատասխանին կը սպասեն: