Լրագրողներու սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքի երէկ այցելեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Քաաքի շեշտեց, որ Ժահժահին կատարած իր այցելութեան նպատակն է դրուատել անոր քաղաքական դերակատարութիւնը:
Ան նշեց, որ Ժահժահ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Լիբանանի դիմագրաւած ամէնէն դժուար պահերուն, երբ ան հաշտուած է զօր. Միշել Աունի հետ եւ ներդրում ունեցած ընտրական օրէնքի վաւերացման մէջ: