Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 19, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յայտնեց, որ երկրին տնտեսական մարզին բարգաւաճումը կարիքը ունի պետութեան զարթօնքին եւ երկրին մէջ գտնուող փոքր պետութիւններու հանգստեան կոչուելուն:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ նահանգապետ Զիատ Շպիպ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն Պէյրութի քաղաքապետարանին ներկայ սարքերը բարելաւելու համար:

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի Պէյրութի քաղաքապետարանը շնորհաւորեց մայրաքաղաքին փողոցները աւլելու եւ աղբերը հաւաքելու իմաստով սկսած նուազուրդը ջնջելու քայլին համար` նկատի ունենալով այդ նուազուրդին իմաստով արձանագրուած տարակարծութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարի Լիբանանը շնորհաւորեց ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելուն առիթով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան ըսաւ. «Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ մեր յարաբերութիւնը լաւ է, ընտրական օրէնքը նուաճում է, իսկ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ իր բոլոր տեսակէտներուն մէջ անկեղծ եղած է»:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ այցելեց Աքքար` ծանօթանալու շրջանին կարիքներուն եւ բարգաւաճման ծրագիրներուն:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի մօտիկ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, թէ ան նեղացած է ընտրական օրէնքի բանակցութիւններուն ընթացքին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցած զիջումներէն:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրաիհմ Քանաան կոչ ուղղեց յանձնախումբին այս շաբթուան ընթացքին երեք նիստ գումարելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն ազգային հարցերուն վերաբերեալ իրենց կարծիքը արտայայտելու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ ընտրական օրէնքի վաւերացումէն ետք պէտք է աշխատիլ լուծելու համար առկախ մնացած հարցերը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Պասեմ Շապ հաւանական նկատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն լիբանանեան քաղաքական ուժերը հրաւիրէ Թաէֆի համաձայնագիրը գործադրելու:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն խախուտ ապահովութիւնը` շեշտելով, որ Պաալպեք Լիբանանի անվտանգութիւնը պահպանելու ռահվիրան եղած է տարիներ շարունակ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր խստիւ դատապարտեց անցեալ ուրբաթ օր խորհրդարանին շրջակայքը գտնուող ցուցարարներուն դէմ գործուած բռնութիւնն ու խոշտանգումը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ կան կապեր ու յարաբերութիւններ` աւելցնելով, որ անոնց միջեւ գժտութիւն չկայ:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի քաղաքական բոլոր կողմերէն երաշխիքներ ստացած է` յաջորդ անգամ եւս վարչապետ ընտրուելու առնչութեամբ:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան յատուկ խումբեր շաբաթավերջին Թրիփոլիի Ապի Սամրա շրջանին մէջ ներխուժեցին սուրիացիներու վաճառատուն մը, որ առողջապահական չափանիշները չամբողջացնող միս կը վաճառէր:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը հետախուզական թռիչքներ կատարեց Արքուպի եւ Հասպայայի վերեւ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը ձերբակալեց Ռամլ Ալիի մէջ ներխուժում կատարելու ընթացքին իր դէմ կրակ բացած զինեալները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի կոչ ուղղեց ներկայ կառավարութիւնը լուծելու եւ կազմելու փոխանցման կառավարութիւն մը, որուն աշխատանքը պիտի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպումը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ իրենք անհամբեր են լիբանանեան հողերէն արմատախիլ դարձնելու ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի կեդրոնները:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման շեշտեց, որ ապահովական կառոյցներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան շնորհիւ կարելի եղած է ապահովական իմաստով շարք մը նուաճումներ իրագործել:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին մօտիկ աղբիւրներ հաստատած են, թէ ընտրական օրէնքի վաւերացումէն ետք իրենք մուտք գործած են նոր փուլ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ ընտրական օրէնքին առումով Հըզպալլայի դրական գործակցութեան շնորհիւ կարելի եղած է լաւ արդիւնքի մը յանգիլ:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը կը պատրաստուի տարբեր մարզերու կապուած օրինագիծերու շարք մը առաջարկել` բարելաւելու համար երկրին տնտեսութիւնը, ելեկտրականութեան մատակարարման վիճակը, ինչպէս նաեւ պայքարելու համար փտածութեան դէմ:

 

Նախորդը

Իրաքեան Զինեալ Ուժերը Սկսած Են Հին Մուսուլի Դէմ Յարձակումը

Յաջորդը

Տար Ֆաթուայի Եւ Սէյիտ Ֆատլալլայի Գրասենեակին Համաձայն Ֆիթրի Տօնին Առաջին Օրը Կիրակի Է

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?