Լիբանանեան

Պըրրի. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` Իրենց Ժամկէտին»

Պըրրի. «Պէտք Է Շարունակել Հայրենիքի Անկախութեան, Զայն Ստրկութենէ Ու Ենթակայութենէ Պաշտպանելու Ճակատամարտը»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Լիբանանի անկախութեան 82-ամեակին առիթով լիբանանցիներուն յղած իր պատգամին մէջ յայտնեց. «Անկախութիւնը պատմութեան մէջ օր մը չէ, ինչպէս նաեւ անցեալին տեղի ունեցած անորոշութեան վրայ հիմնուած արարք մը չէ: Անիկա լիբանանցիներուն` իբրեւ ժողովուրդ, բանակ եւ իշխանութիւններ, առօրեայ քննութիւնն է: Անիկա անոնց ուղղուած մնայուն հրաւէր է` շարունակելու հայրենիքի անկախութեան, զայն ստրկութենէ ու ենթակայութենէ պաշտպանելու ճակատամարտը, գերիշխանութեան տէր կանգնելու, ենթակայութեան...

Սալամ. «Կը Վերահաստատենք Իսրայէլի Հետ  Բանակցելու Մեր Պատրաստակամութիւնը»

Սալամ. «Կը Վերահաստատենք Իսրայէլի Հետ Բանակցելու Մեր Պատրաստակամութիւնը»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Կը վերահաստատենք Իսրայէլի հետ բանակցելու մեր պատրաստակամութիւնը, եւ Ամերիկայի օգնութիւնը կ՛ակնկալենք դէպի բանակցութիւններ մղման մէջ»: «Իսրայէլ չի յարգեր զինադադարի համաձայնութեան կէտերը», յայտնեց վարչապետը: Սալամ նաեւ շեշտեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ զինաթափման ծրագիրները ճիշդ կերպով կ՛ընթանան»: «Լիբանանեան բանակը կ՛ընդլայնէ հարաւային Լիբանանի մէջ իր ջանքերը, մասնաւորաբար Իսրայէլի սահմանին մօտիկ շրջաններուն մէջ», յայտնեց վարչապետը:

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում Եւ Աճող Տնտեսութիւն»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Պէյրութ 1» խորհրդաժողովի աւարտին վարչապետարանին մէջ խորհրդաժողովի մասնակիցներուն ի պատիւ ընթրիքի ընթացքին յայտնեց. «Առանց անվտանգութեան ու կայունութեան ներդրում չկայ, ինչպէս նաեւ տնտեսական աճ չկայ»: «Կասկած չունիմ, որ «Պէյրութ 1» խորհրդաժողովին այսքան մեծաթիւ մասնակցութիւնը ապացոյց է Լիբանանի ներուժին եւ անոր զաւակներուն կարողութիւններուն նկատմամբ վստահութեան վերականգնման, ինչպէս նաեւ կը վերահաստատէ պետական ու սեփական մարզերուն միջեւ գործընկերութեան կարեւորութիւնը, եւ անհրաժեշտութիւնը...

Ապու Հասան. «Ան, Որ Իր Գրաւը Իսրայէլեան  Հարուածին Վրայ Դրած Է, Վստա՞հ Է, Թէ Միայն  Կուսակցութիւնը Պիտի Թիրախաւորուի»

Ապու Հասան. «Ան, Որ Իր Գրաւը Իսրայէլեան Հարուածին Վրայ Դրած Է, Վստա՞հ Է, Թէ Միայն Կուսակցութիւնը Պիտի Թիրախաւորուի»

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի քարտուղար, երեսփոխան Հատի Ապու Հասան «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ գոյութիւն ունի շիի երկեակին եւ Ազգային ազատ հոսանքին կողմէ տրուած քաղաքական որոշում մը` մերժելու յառաջիկայ ընտրութիւններուն արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութիւնը` նշելով, որ ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը 2018 թուականին վերապահութիւն յայտնած էր արտերկրի լիբանանցիներուն միայն 6 երեսփոխաններու քուէարկութեան: Ան նշեց, որ կարգ մը կողմեր կ՛ուզեն արտերկրի...

Մուսա. «Եթէ Կացութիւնը Այսպէս Շարունակուի,  Մագլցման Հաւանականութիւնը  Աւելի Մօտ Կը Դառնայ»

Մուսա. «Եթէ Կացութիւնը Այսպէս Շարունակուի, Մագլցման Հաւանականութիւնը Աւելի Մօտ Կը Դառնայ»

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Անցեալ օր Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթիի եւ անոր ֆրանսացի պաշտօնակից Ժան Նոել Պարրոյի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան շարք մը նիւթեր, որոնց շարքին` լիբանանեան թղթածրարը»: «Զէնքը լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը դարձնելը անխուսափելի եւ անվիճելի հարց է», նշեց դեսպանը: «Ունինք գլխաւոր յստակ նիւթ...

Քպէյսի. «Բանակին Եւ Դիմադրութեան Միջեւ  Փոխհասկացողութիւնը Ոմանց Նեղութիւն  Կը Պատճառէ, Եւ Զանոնք Օտարի Լրտեսներու Կը Վերածէ»

Քպէյսի. «Բանակին Եւ Դիմադրութեան Միջեւ Փոխհասկացողութիւնը Ոմանց Նեղութիւն Կը Պատճառէ, Եւ Զանոնք Օտարի Լրտեսներու Կը Վերածէ»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպէյսի նշեց. «Այն, ինչ որ լիբանանեան բեմի վրայ տեղի կ՛ունենայ, Դիմադրութեան եւ լիբանանեան բանակին միջեւ ամբողջական փոխհասկացողութիւն է, ինչ որ ոմանց նեղութիւն կը պատճառէ, եւ զանոնք օտարի լրտեսներու կը վերածէ»: Քպէյսի յայտնեց. «Մեր ներքին թշնամին համայնքայնութիւնն ու յարանուանականութիւնն է, իսկ արտաքին թշնամին Իսրայէլն է, անոր աջակցողը, անոր ամբարտաւանութեան եւ բարբարոսութեան, ինչպէս նաեւ Միջին...

Ֆայիատ. «Ամերիկեան Ուղին Կը Վտանգէ  Լիբանանն Ու Անոր Գերիշխանութիւնը»

Ֆայիատ. «Ամերիկեան Ուղին Կը Վտանգէ Լիբանանն Ու Անոր Գերիշխանութիւնը»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայիատ նշեց. «Այն ուղին, որով ամերիկացիները կը փորձեն Լիբանանը առաջնորդել, այլեւս յստակ է: Անիկա խնդրայարոյց եւ վտանգաւոր ուղի մըն է, որ հիմնուած է ենթակայութեան եւ ամերիկեան ու իսրայէլեան պայմաններուն նկատմամբ ամբողջական անձնատուութեան վրայ: Անիկա նուազագոյն հաւասարակշռութենէ զուրկ է, ներառեալ ձեւական հաւասարակշռութենէն: Անոնք ոչ ոք կը խնայեն եւ ոչ ոք կը յարգեն, ո՛չ ալ նկատի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐ մը իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթին. «Իսրայէլեան բանակը կը պատրաստուի Լիբանանի դէմ լայնածաւալ յարձակումի մը, որ կրնայ քանի մը օր տեւել»: «Լիբանանի դէմ Իսրայէլի մօտալուտ յարձակումը տեղի պիտի ունենայ այն սպասումով, որ Հըզպալլայի կողմէ հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով հակադարձութիւն տեղի պիտի ունենայ», կ՛ըսէ պաշտօնատարը: . ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Ամերիկեան դեսպանատան հետ հաղորդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան բանակի հրամանատարի Ուաշինկթըն այցելութեան...

Նախագահ Աունը` Սէյիտ Հասան Նասրալլայի  Նահատակութեան Միամեակին Առիթով.  «Զոհաբերութիւններու Նկատմամբ Հաւատարմութիւնը  Միայն Միասնական Դիրքորոշման Ճամբով Կ՛ըլլայ»

Աուն. «Ոչինչ Բանակը Իր Դերը Կատարելէ Ետ Պիտի Կանգնեցնէ, Ո՛չ Հրահրումը, Ո՛չ Կասկածի Տակ Առնելը»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալին հեռաձայնելով ցաւակցութիւն յայտնեց երեքշաբթի գիշեր Պաալպեքի Շարաուինա թաղամասին մէջ թմրեցուցիչի վաճառականներու հետապնդման ընթացքին զինուորականներու նահատակութեան համար` շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորուած զինուորականներուն: «Բանակը անգամ մը եւս իր անդամներուն արիւնով կը վճարէ մէկ կողմէ լիբանանեան հասարակութիւնը թմրեցուցիչի ախտէն պաշտպանելու եւ միւս կողմէ օրէնքի կիրարկման գինը: Երէկուան երկու նահատակները միացան երկար շարքին իրենց...

Իսրայէլեան Օդուժը Յարձակում Գործեց  Պաղեստինեան Այն Հըլուէ Գաղթակայանին Վրայ

Իսրայէլեան Օդուժը Յարձակում Գործեց Պաղեստինեան Այն Հըլուէ Գաղթակայանին Վրայ

Իսրայէլեան օդուժը երեքշաբթի գիշեր շուրջ ժամը 9:30-ին երեք փուլով յարձակում գործեց Սայտայի մէջ պաղեստինեան Այն Հըլուէ գաղթակայանին վրայ` թիրախաւորելով Խալետ Պըն Ուալիտ մզկիթի մերձակայքին մէջ գտնուող խաղավայր մը, ինչ որ պատճառ դարձաւ 13 զոհերու եւ շարք մը վիրաւորներու արձանագրման: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ թիրախաւորած է «Համաս շարժումին պատկանող մարզումի կեդրոն մը»: Այն Հըլուէի մէջ Համասի քաղաքական յարաբերութիւններու պատասխանատու Խալետ Զաայթեր...

Իշխանութեան Երեք Պետերուն  Եւ Լիբանանցիներուն  Յղած Իր Բաց Նամակին Մէջ.  «Կը Հաստատենք Բռնագրաւման Դիմադրելու  Մեր Օրինական Իրաւունքը»  Կ՛ըսէ Հըզպալլա

Հըզպալլա. «Ազգային Պարտականութիւնը Կը Պահանջէ Թշնամիի Ոճիրին Բոլոր Կարելի Միջոցներով Դիմակայման Առումով Վճռական Եւ Միասնական Կեցուածք Որդեգրել»

Հըզպալլա հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով բուռն կերպով դատապարտեց Այն Հըլուէ գաղթակայանին վրայ իսրայէլեան յարձակումը: «Լիբանանեան պետութեան այրերը այլեւս պէտք է գիտակցին, թէ այս թշնամիին նկատմամբ որեւէ ճկունութիւն, տկարութիւն կամ ենթակայութիւն ցուցաբերելը զայն միայն աւելի կատաղի, վայրագ եւ յարձակողական կը դարձնէ, եւ յարձակումին համահունչ չեղող հակազդեցութեամբ բաւարարուիլը  միայն յաւելեալ յարձակումներու եւ ջարդերու պիտի յանգեցնէ», նշեց կուսակցութիւնը: «Ազգային պարտականութիւնը կը պահանջէ թշնամիի ոճիրին...

Պայրագտարեան Ընդունեց Մարմնակրթութեան  Անվտանգութեան Միջազգային Կեդրոնի Նախագահը

Պայրագտարեան Ընդունեց Մարմնակրթութեան Անվտանգութեան Միջազգային Կեդրոնի Նախագահը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Մարմնակրթութեան անվտանգութեան միջազգային կեդրոնի նախագահ Մոհամետ Հանզապը: Պայրագտարեան կեդրոնին եւ անոր նախագահին դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարութեան կազմակերպած, հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հովանաւորութեամբ «Դէպի Լիբանանի մէջ մարմնակրթութեան ազգային ռազմավարութեան հայեցակարգ» խորհրդաժողովին ցուցաբերած ամբողջական աջակցութեան համար: Նախարարն ու անոր քաթարցի հիւրը խորհրդաժողովի արժեւորումը կատարեցին, ապա քննարկեցին «ազգային ռազմավարութեան» մշակման սպասուող ուղին: Պայրագտարեան Հանզապի հետ...

Ժոմպլաթ. «Իսրայէլի Հետ Հակամարտութիւնը  Գոյութենական Է Եւ Ոչ Թէ Սահմանային»

Ժոմպլաթ Ողջունեց Բանակի Հրամանատարին Հայրենասիրական Դիրքորոշումը

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար, նախկին երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտարարեց. «Կառչած կը մնանք զինադադարի համաձայնութեան` գիտակցելով անկէ նահանջ արձանագրելու վտանգին, եւ կը զօրակցինք պետութեան գերիշխանութիւնը  լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ տարածելու, սահմանները սահմանագծելու, ոտնձգութիւնները վերցնելու եւ գերիները ազատելու անհրաժեշտութեան: Այս առումով կ՛ողջունենք բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի հայրենասիրական դիրքորոշումը»:  

Համատէ. «Ոմանք Ունին Այն Ախորժակը,  Որ Ազգային Երկեակը Նոր Խորհրդարանին Մէջ  Հիմնական Բաղադրիչ Մը Չըլլայ»

Համատէ. «Ոմանք Ունին Այն Ախորժակը, Որ Ազգային Երկեակը Նոր Խորհրդարանին Մէջ Հիմնական Բաղադրիչ Մը Չըլլայ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իհապ Համատէ յայտնեց. «Ոմանք ունին այն ախորժակը, որ ազգային երկեակը` Հըզպալլան եւ Ամալ շարժումը նոր խորհրդարանին մէջ հիմնական բաղադրիչ մը չըլլան, ուստի կը փորձեն, որ յառաջիկայ խորհրդարանին մէջ շիի բաղադրիչը ներկայացնողը երկեակէն դուրս խումբ մը ըլլայ` կարծելով, թէ այդպիսով մեծամասնութիւն պիտի կազմեն, ուստի գործի լծուեցաւ մեքանիզմ մը, որ կրնայ այս միատեղուած մարմինին մէջ բաց մը...

Ռասամնի. «Ճամբաներն Ու Կամուրջները  Վերանորոգելու Ազգային  Ծրագիրի Մեկնարկը Տուինք»

Ռասամնի. «Լիբանանը Իր Ներուժով Հարուստ Է, Սակայն Սխալ Կառավարում Եւ Պետական Կառոյցները Վարող Անատակ Անձեր Կան»

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրամիջոցներու հարցերու նախարար Ֆայեզ Ռասամնի «Պէյրութ 1» խորհրդաժողովի երկրորդ օրուան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Լիբանանը իր ներուժով հարուստ է, սակայն անբնական սխալ կառավարում եւ պետական կառոյցները վարող անատակ անձեր գոյութիւն ունին»: «Ինչ կը վերաբերի «Ռընէ Մուաուատ» օդակայանին, Լիբանանի բարեկամներէն իմացանք, թէ պատրաստ են ներդրում կատարելու, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ընկերութիւններ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին անոր մէջ ներդրում կատարելու`...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը երէկ առաւօտեան հարաւային Լիբանանի Թիրի գիւղին մէջ երկու հրթիռներով հարուածեց ինքնաշարժ մը: Արձանագրուեցան զոհ մը եւ 11 վիրաւորներ: Յարձակումի ենթարկուած ինքնաշարժին մօտ գտնուող դպրոցական փոխադրակառք մը վնասուեցաւ, եւ անոր մէջ գտնուող աշակերտներ վիրաւորուեցան: . ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ շրջանակներ «Ժումհուրիա օրաթերթին. «Լիբանանեան բանակի հրամանատարին Ուաշինկթըն այցելութեան ժամադրութիւնը ջնջելու ամերիկեան որոշումը միայն բանակին ուղղուած կարծր պատգամ չէր, այլ...

«Պէյրութ 1» Խորհրդաժողովի Ընթացքին.  Աուն. «Մշտատեւ Ապահովութիւն Մը Կ՛ուզենք,  Եւ Լիբանան Կարեկցանք Չ՛ուզեր, Այլ Վստահութիւն»

«Պէյրութ 1» Խորհրդաժողովի Ընթացքին. Աուն. «Մշտատեւ Ապահովութիւն Մը Կ՛ուզենք, Եւ Լիբանան Կարեկցանք Չ՛ուզեր, Այլ Վստահութիւն»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Պէյրութ 1» խորհրդաժողովի բացման նիստի ընթացքին խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Ուզեցինք, որ «Պէյրութ 1» խորհրդաժողովը տնտեսական խորհրդաժողովէ մը աւելին ըլլայ: Ուզեցինք, որ Լիբանանի վերականգնման մէջ նոր փուլի սկիզբ ըլլայ, փուլ մը, որուն խորագիրը վստահութիւնը, գործընկերութիւնն ու առիթներն են»: «Իրողապէս սկսանք իսկական բարեփոխումներու ընթացքը: Որդեգրեցինք հիմնական օրէնքներ, որոնք թափանցիկութիւնն ու հաշուետուութիւնը կ՛ամրապնդեն, նախաձեռնեցինք լուրջ քայլեր` ամուր հիմերու...

Պըրրի Ընդունեց Եազիտ Պըն Ֆարհան  Իշխանն Ու Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններու Դեսպանը

Պըրրի Ընդունեց Եազիտ Պըն Ֆարհան Իշխանն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Դեսպանը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանը: Ան նաեւ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նոր նշանակուած դեսպան Սալեմ Սայիտ Քաապին, որ իր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով ծանօթացման այցելութիւն կու տար: Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ քննարկելու ընդհանուր կացութիւնն ու երկու երկիրներու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Պըրրի ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ եւ ԷՍՔՈՒԱ-ի գործադիր քատուղարի պաշտօնակատար...

Սալամ Ընդունեց Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններու Արտաքին Գործոց  Նախարարութեան Պետական Նախարարը

Սալամ Ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Պետական Նախարարը

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Քրէյթեմի իր տան մէջ ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց եւ միջազգային գործակցութեան նախարարութեան մէջ պետական նախարար Նուրա Քաապին եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ մշակութային ու տնտեսական գործընկերութեան ամրապնդման կարելիութիւնները, մասնաւորաբար Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Լիբանանի մէջ ներդրումի առիթներու ամրապնդման ու վերականգնման նպատակը հետապնդող «Պէյրութ 1» խորհրդաժողովին մասնակցութեան լոյսին տակ: Վարչապետ Սալամ Լիբանանի...

Նախագահ Աուն Իր Կիպրացի  Պաշտօնակիցէն Հրաւէր Ստացաւ

Նախագահ Աուն Իր Կիպրացի Պաշտօնակիցէն Հրաւէր Ստացաւ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Մարիա Հաճիթէոտոսուն, որ նախագահին եւ առաջին տիկին Նեհմաթ Աունին յանձնեց Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտեսի հրաւէրը 7 յունուար 2026-ին Նիկոսիոյ մէջ ներկայ գտնուելու Կիպրոսի` Եւրոպական խորհուրդի նախագահութեան ստանձնման արարողութեան: Կիպրոսի նախագահը իր նամակին մէջ նշեց, որ իր երկրի այդ պաշտօնը ստանձնելը «ազգային խոր յանձնառութիւն ու ռազմավարական առիթ մըն է,...

Page 73 of 986 1 … 72 73 74 … 986

Արխիւներ