Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 20, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը երէկ առաւօտեան հարաւային Լիբանանի Թիրի գիւղին մէջ երկու հրթիռներով հարուածեց ինքնաշարժ մը: Արձանագրուեցան զոհ մը եւ 11 վիրաւորներ: Յարձակումի ենթարկուած ինքնաշարժին մօտ գտնուող դպրոցական փոխադրակառք մը վնասուեցաւ, եւ անոր մէջ գտնուող աշակերտներ վիրաւորուեցան:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ շրջանակներ «Ժումհուրիա օրաթերթին. «Լիբանանեան բանակի հրամանատարին Ուաշինկթըն այցելութեան ժամադրութիւնը ջնջելու ամերիկեան որոշումը միայն բանակին ուղղուած կարծր պատգամ չէր, այլ կը ներառէ նաեւ հանրապետութեան նախագահն ու կառավարութիւնը, որոնց հետ Ուաշինկթըն յոյս կը կապէր Հըզպալլայի զինաթափման հոլովոյթը կեանքի կոչելու համար»:

«Միացեալ Նահանգներ թէ՛ քաղաքական, թէ՛ զինուորական իշխանութիւններուն ուզեց հասկցնել, թէ զինաթափման կշռոյթը դանդաղ է, եւ Հըզպալլայի նկատմամբ պետութեան վարմունքը պէտք է աւելի խիստ ըլլայ», նշած են շրջանակները:

«Ամերիկացիները զօր. Հայքալի Ուաշինկթըն այցելութիւնը ջնջելով Եարզէի եւ Պաապտայի պալատին յղեցին յստակ պատգամ մը, թէ աչք փակելու փուլը վերջ գտաւ, եւ կը պահանջուի Լիբանանի վերաբերեալ ամերիկեան օրակարգին ամբողջական ընդառաջում ցուցաբերել, առանց պաշտօնատարներուն որոշ ազատութիւն տալու եւ առանց լիբանանեան իրավիճակի իւրայատկութիւնը հաշուի առնելու», աւելցուցած են անոնք:

. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԷՆ բարձրաստիճան աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին բացառեց Լեւոն ԺԴ. պապի այցելութենէն առաջ կամ վերջ Լիբանանի դէմ լայնածաւալ պատերազմի ծագումը, «որովհետեւ անհրաժեշտ չէ եւ լայնածաւալ պատերազմի կարիքը չկայ, իսկ հարուածներու շրջագիծին ընդլայնումը բացառապէս Հըզպալլայի դէմ պիտի ըլլայ»:

. «ԱՍԱՍ ՄԻՏԻԱ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «ամերիկեան վարչակազմին մաս կազմող կողմեր մեծ զգայնութիւն կը ցուցաբերեն Իսրայէլի հանդէպ` իբրեւ թշնամի լիբանանեան բանակի վարմունքին նկատմամբ, երբ լիբանանեան բանակին հիմնական ֆինանսաւորումը կը կատարուի Իսրայէլի թիւ մէկ դաշնակից Միացեալ Նահանգներու կողմէ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Մենք գործնականապէս ամերիկեան դարաշրջանի մէջ ենք` անոր բոլոր ենթախորագիրներով` վերահսկողութեան, իշխանութեան եւ Միջին Արեւելքի շրջանը խաթարող տարբեր տագնապներն ու խնդիրները իրարու կապելու առումով: Անկարելի է խօսիլ տեղ մը լուծումի եւ ուրիշ տեղ պատերազմի, կամ տեղ մը տագնապի եւ ուրիշ տեղ կայունութեան մասին»:

. ԱՄԱԼ շարժումէն աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Շարժումին Իրանի հետ յարաբերութիւնը արմատացած ու պատմական յարաբերութիւն է, եւ ոչ թէ պարզապէս Հըզպալլայի դաշնակիցին հետ յարաբերութիւն, այլ անկախ յարաբերութիւն մը, որ կը բխի շարժումին կարեւորութեան, դերին եւ շրջանային մակարդակի վրայ անոր ղեկավարի դիրքին Իրանի գիտակցումէն»:

. ԱՐԱԲԱԿԱՆ դրամատուներու միութեան ընդհանուր քարտուղար Ուիսամ Ֆաթթուհ յայտարարեց, թէ արաբական դրամատուներու խորհրդաժողովը պիտի գումարուի 27 նոյեմբերին Պէյրութի մէջ:

 

Նախորդը

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան ՕԹԱՆ-ի Ոչ Անդամ Գլխաւոր Դաշնակից Է»

Յաջորդը

Ռասամնի. «Լիբանանը Իր Ներուժով Հարուստ Է, Սակայն Սխալ Կառավարում Եւ Պետական Կառոյցները Վարող Անատակ Անձեր Կան»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.