Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պէյրութ 1» Խորհրդաժողովի Ընթացքին. Աուն. «Մշտատեւ Ապահովութիւն Մը Կ՛ուզենք, Եւ Լիբանան Կարեկցանք Չ՛ուզեր, Այլ Վստահութիւն»

November 19, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Պէյրութ 1» խորհրդաժողովի բացման նիստի ընթացքին խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Ուզեցինք, որ «Պէյրութ 1» խորհրդաժողովը տնտեսական խորհրդաժողովէ մը աւելին ըլլայ: Ուզեցինք, որ Լիբանանի վերականգնման մէջ նոր փուլի սկիզբ ըլլայ, փուլ մը, որուն խորագիրը վստահութիւնը, գործընկերութիւնն ու առիթներն են»:

«Իրողապէս սկսանք իսկական բարեփոխումներու ընթացքը: Որդեգրեցինք հիմնական օրէնքներ, որոնք թափանցիկութիւնն ու հաշուետուութիւնը կ՛ամրապնդեն, նախաձեռնեցինք լուրջ քայլեր` ամուր հիմերու վրայ վերակառուցելու պետութեան հաստատութիւնները, ուր ատակութիւնը նախապատուութենէն գերակշիռ է, իսկ օրէնքի գերակայութիւնը` կամայականութենէն: Մենք կ՛աշխատինք յանուն մարմիններու վերականգնման», նշեց ան:

«Ատոր զուգահեռ, աշխատեցանք եւ կը շարունակենք աշխատիլ ներքին ապահովութեան ամրապնդման համար: Լիբանան եկող ներդրողին միտքը հանգիստ պիտի ըլլայ, որ պաշտպանութիւնը քաղաքական կամայականութենէն կախեալ չէ, այլ օրէնքով ամրագրուած է: Մեր ուզած ապահովութիւնը ժամանակաւոր հանդարտութեան ապահովութիւնը չէ, այլ տեւական կայունութեան ապահովութիւնը», աւելցուց նախագահը:

Ան շեշտեց. «Մեր կատարած բարեկարգումները դիւրին չեն, անոնք ինքնին համակարգի ներսէն դիմադրութեան կ՛արժանանան, որովհետեւ իսկական փոփոխութիւնը արմատացած շահերուն կը վնասէ: Սակայն կը շարունակենք մեր աշխատանքը»:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց «Լիբանանի իւրաքանչիւր բարեկամի, իւրաքանչիւր ներդրողի, հաւանական իւրաքանչիւր գործընկերոջ` նշելով, որ Լիբանան կարեկցանք չ՛ուզեր, այլ վստահութիւն: Բարեկամութիւն չ՛ուզեր, այլ առիթի տրամադրում: Այսօր ձեր ներկայութիւնը կայունութեան, երիտասարդ ուժերու մէջ ներդրում է. ներդրում ապագայի մը մէջ, որ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, եթէ միասնաբար յառաջ ընթանանք»:

Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «այս մակարդակի վրայ լիբանանեան առիթի առաջին անգամ ըլլալով մասնակցող սէուտցի եղբայրներուն», ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած դեսպան Միշել Իսային: «Ձեր այս պաշտօնին նշանակումն ու այսօր այստեղ մեզ հետ ներկայութիւնը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Լիբանանի նկատմամբ յատուկ ժեստ է, եւ մենք կը գնահատենք այդ մէկը եւ կ՛արժեւորենք զայն: Կը վերահաստատենք մեր շնորհակալութիւնը ամերիկեան վարչակազմին` ամբողջ աջակցութեան համար: Մենք անհամբեր կը սպասենք բոլոր մակարդակներուն վրայ հետագայ համագործակցութեան»:

«Պէյրութ 1»-ը առաջին քայլ մըն է, որպէսզի Պէյրութը վերստին առաջինը ըլլայ, Լիբանանը ամէն բանէ վեր», շեշտեց հանրապետութեան նախագահը:

Նշենք, որ երէկ տեղի ունեցաւ բացումը «Պէյրութ 1» երկօրեայ խորհրդաժողովին, որ կը կրէ «Պէյրութ դարձեալ ոտքի կը կանգնի» խորագիրը:

Խորհրդաժողովը կը վայելէ հանրապետութեան նախագահին հովանաւորութիւնը, եւ անոր կը մասնակցին մեծ ներդրողներ եւ տարբեր ոլորտի յառաջատար անձնաւորութիւններ` նպաստելու համար Լիբանանի ապագայի ուրուագծման եւ վերականգնման ու բարգաւաճման նոր փուլի կառուցման:

 

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Եազիտ Պըն Ֆարհան Իշխանն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Դեսպանը

Յաջորդը

Վանա Նազարեան Նշանակուած Է Մոնթրէալի Նոր Գործադիր Մարմնի Խորհրդական

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.