Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Անցեալ օր Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթիի եւ անոր ֆրանսացի պաշտօնակից Ժան Նոել Պարրոյի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան շարք մը նիւթեր, որոնց շարքին` լիբանանեան թղթածրարը»:
«Զէնքը լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը դարձնելը անխուսափելի եւ անվիճելի հարց է», նշեց դեսպանը:
«Ունինք գլխաւոր յստակ նիւթ մը, որ Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը մեղմացնելն է, եւ եթէ կացութիւնը այսպէս շարունակուի, ապա աւելի լայնածաւալ մագլցումի հաւանականութիւնը աւելի մօտ կը դառնայ», շեշտեց Մուսա:


