Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 21, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐ մը իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթին. «Իսրայէլեան բանակը կը պատրաստուի Լիբանանի դէմ լայնածաւալ յարձակումի մը, որ կրնայ քանի մը օր տեւել»:

«Լիբանանի դէմ Իսրայէլի մօտալուտ յարձակումը տեղի պիտի ունենայ այն սպասումով, որ Հըզպալլայի կողմէ հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով հակադարձութիւն տեղի պիտի ունենայ», կ՛ըսէ պաշտօնատարը:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Ամերիկեան դեսպանատան հետ հաղորդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան բանակի հրամանատարի Ուաշինկթըն այցելութեան ջնջումէն ետք լարուածութիւնը նուազեցնելու համար, եւ յառաջիկայ շաբաթ կրնայ նախագահ Աունի եւ դեսպան Իսայի միջեւ ժողով մը գումարուիլ, իսկ ամերիկացի պատուիրակներ Պարրաքի եւ Օրթէյկըսի հետ նախագահ Աունի հաղորդակցութիւն բացարձակապէս չկայ»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Մթնոլորտը դրական կը մնայ, եւ Ուաշինկթըն տակաւին կը սպասէ բանակի հրամանատարի այցելութեան նոր թուական ճշդելուն, անմիջապէս որ անոր առնչուած քաղաքական տուեալները յստականան, եւ գոյութիւն ունի ոչ թէ փափաք, այլ հասարակաց կամք շարունակելու գործակցութիւնը»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Բացարձակապէս սխալ է այն խօսքը, թէ բանակի հրամանատարը պաշտօնազրկելու ամերիկեան փափաք գոյութիւն ունի: Ատիկա բացառուած է եւ ամերիկեան հարց չէ: Նաեւ ճիշդ չէ, թէ բանակին ամերիկեան օժանդակութիւնները կամ զինուորական գործակցութիւնը դադրեցուած են»:

. ՀԱՒԱՍՏԻ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Այլեւս պատկերը յստակ դարձած է. իբրեւ Իսրայէլի հետ բանակցելու Լիբանանի դիմումին նախնական պատասխան, գոյութիւն ունին թելադրանքներ, որոնք կը հասնին բանակին իսրայէլացի թշնամիի նկատմամբ դիրքորոշումը փոխելու համար ճնշումի աստիճանին»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին միջեւ յարաբերութիւնը հասաւ սառնութեան աննախադէպ մակարդակի»:

. ՊԸՐՐԻԻ մօտիկ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Հակառակ Լիբանանի 17 մայիսի համաձայնութիւնը ստորագրելուն, օրին նախագահ Ժեմայելով ներկայացուած լիբանանեան իշխանութեան կողմէ Իսրայէլն ու Սուրիան իրարու հաւասար չդասուեցան, ուստի ինչպէ՞ս լիբանանեան բանակէն կը պահանջուի թշնամին եւ Հըզպալլան իրարու հաւասար դասել` քննադատելով անոր հաղորդագրութիւնը»:

Նախորդը

Հեծելարշաւ. Եասեր Տուխի Լիբանան Կ՛այցելէ. Այս Կիրակի` Անկախութեան Մրցումները

Յաջորդը

Ֆայիատ. «Ամերիկեան Ուղին Կը Վտանգէ Լիբանանն Ու Անոր Գերիշխանութիւնը»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.