Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսան եւ անոր յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` զինք Սպիտակ տուն հրաւիրելու փափաքին նկատմամբ շնորհակալութիւնն ու այդ հրաւէրին ընդառաջելու պատրաստակամութիւնը: . ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս Միտիա»-ին. «Անցնող շրջանին հանրապետութեան նախագահին Իսրայէլի հետ ՄԱԿ-ի, ամերիկեան կամ արաբական հովանաւորութեամբ բանակցութեան վերաբերեալ աստիճանական կերպով ներկայացուցած նախաձեռնութեան նկատմամբ միջազգային...

Պըրրի. «Հարեթ Հրէյքի Թիրախաւորումը  Չափազանց Վտանգաւոր Զարգացում Է, Որ Ցոյց Կու Տայ,  Թէ Պէյրութը Պաշտպանելու Երաշխիքներ Չկան»

Պըրրի. «Հարեթ Հրէյքի Թիրախաւորումը Չափազանց Վտանգաւոր Զարգացում Է, Որ Ցոյց Կու Տայ, Թէ Պէյրութը Պաշտպանելու Երաշխիքներ Չկան»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան վերջին յարձակումը  մեկնաբանելով շեշտեց. «Հարեթ Հրէյքի թիրախաւորման մէջ ամէնէն վտանգաւորը այն է, որ Հարաւային արուարձաններն ու Պէյրութը վերստին վերածուեցան իսրայէլեան թիրախներու, եւ ասիկա չափազանց վտանգաւոր զարգացում է, որ ցոյց կու տայ, թէ թշնամիի որեւէ սանձարձակութեան եւ Լիբանանը թիրախաւորելու շարունակելուն լոյսին տակ, մայրաքաղաքն ու անոր արուարձանները պաշտպանելու իսկական երաշխիքներ չկան»: Ան այս...

ՄԱԿ-ի Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան  Յարձակումներուն Շուրջ Անկողմնակալ  Հետաքննութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

ՄԱԿ-ի Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներուն Շուրջ Անկողմնակալ Հետաքննութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

ՄԱԿ-ը Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն, ներառեալ անցեալ շաբաթ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանը թիրախաւորած յարձակումին շուրջ անկողմնակալ հետաքննութեան կոչ կ՛ուղղէ: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը: ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատարութեան բանբեր Սամին Խիթան Ժընեւի մէջ լրագրողներու յայտնեց. «Պէտք է արագ եւ պարկեշտ հետաքննութիւն կատարել Այն Հելուէի վրայ օդային յարձակումին, ինչպէս նաեւ զինադադարէն առաջ եւ ետք բոլոր միւս դէպքերուն վերաբերեալ, որոնք բոլոր...

Պէյրութի Նաւահանգիստ Այցելելով`  Սալամ. «Աշխատանք Կը Տանինք Լիբանանի  Տնտեսութեան Վերականգնման Ուղղութեամբ,  Եւ Վերակենդանացման Հիմքերէն  Մէկը Նաւահանգիստի Զարգացումն Է»

Պէյրութի Նաւահանգիստ Այցելելով` Սալամ. «Աշխատանք Կը Տանինք Լիբանանի Տնտեսութեան Վերականգնման Ուղղութեամբ, Եւ Վերակենդանացման Հիմքերէն Մէկը Նաւահանգիստի Զարգացումն Է»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ այցելեց Պէյրութի նաւահանգիստ` ընկերակցութեամբ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրամիջոցներու նախարար Ֆայեզ Ռասամնիի: Սալամ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Նաւահանգիստը քաղաքի յիշողութիւնն է եւ միեւնոյն ժամանակ ապագան»: «Կառավարութեան մէջ աշխատանք կը տանինք Լիբանանի տնտեսութեան վերականգնման ուղղութեամբ, եւ վերակենդանացման հիմքերէն մէկը Պէյրութի նաւահանգիստի զարգացումն է», յայտարարեց վարչապետը: «Գոյութիւն ունին զարգացման շարք մը աշխատանքներ, որոնք ժամանակի կը կարօտին: Գոյութիւն ունի նաւահանգիստի...

Անդրադառնալով Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ  Կատարուած Յարձակումին`  Լարիժանի. «Նեթանիահու Տակաւին Կը Շարունակէ  Իր Արկածախնդրութիւնները, Մինչեւ  Որ Բոլորը Գիտակցին, Թէ Այս Կեղծ Գոյացութեան  Դիմակայման Այլընտրանք Չէ Մնացած»

Անդրադառնալով Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ Կատարուած Յարձակումին` Լարիժանի. «Նեթանիահու Տակաւին Կը Շարունակէ Իր Արկածախնդրութիւնները, Մինչեւ Որ Բոլորը Գիտակցին, Թէ Այս Կեղծ Գոյացութեան Դիմակայման Այլընտրանք Չէ Մնացած»

Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի յայտնեց. «Ֆաթիմա Զահրայի նահատակութեան գիշերը նահատակուեցաւ անոր ուղիով անկեղծօրէն ընթացողներէն մէկը, ժիհատական եղբայր Հայսամ Ալի Թապաթապաին` Հըզպալլայի բարձրաստիճան ղեկավարներէն մէկը, եւ անոր շարք մը ընկերները` ձեռամբ սիոնական ոճրագործներուն: «Անոնք իրենց նպատակին հասան, սակայն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն կը շարունակէ իր արկածախնդրութիւնները, մինչեւ որ բոլոր գիտակցին, թէ այս կեղծ գոյացութեան դիմակայման այլընտրանք չէ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքրոնիա»-ին. «Թապաթապաիին Հարաւային արուարձաններու կեդրոնին մէջ ահաբեկումը ցոյց կու տայ, թէ Իսրայէլ վերջ տուած է սպառնալու փուլին եւ սկսած շաբաթներէ ի վեր սպառնացած մագլցումի գործնական ու իրողական գործողութեան փուլին»: . ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Թապաթապաին ահաբեկելը կը բաւարարէ պահանջները Միացեալ Նահանգներու, որոնք զինք ահաբեկչութեան ցուցակի վրայ դրած էին, ուստի այդ գործողութիւնը պիտի աւելցնէ ամերիկեան ճնշումը, ինչ որ կ՛ամրապնդէ...

Իսրայէլ Հարաւային Արուարձաններու Մէջ  Ահաբեկեց Հըզպալլայի  Մէկ Բարձրաստիճան Պատասխանատուն

Իսրայէլ Հարաւային Արուարձաններու Մէջ Ահաբեկեց Հըզպալլայի Մէկ Բարձրաստիճան Պատասխանատուն

Իսրայէլեան օդուժը կիրակի կէսօրէ ետք յարձակում գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ` հարուածելով Հարեթ Հրէյքի մէջ բնակելի շէնք մը: Յարձակումին թիրախը Հըզպալլայի սպայակոյտի պետ  Ալի Թապաթապաին էր, որ մահացաւ: Յարձակումը պատճառեց 5 զոհ եւ 20 վիրաւոր: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Պիտի շարունակենք Լիբանանի վերաբերեալ համաձայնութիւնը ուժով կիրարկել»: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի իր կարգին յայտարարեց. «Հըզպալլային պիտի չարտօնենք, որ անգամ...

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին  Առիթով Լիբանանեան Կեցուածքներ

Աուն. «Հարաւային Արուարձաններու Թիրախաւորումը Յաւելեալ Փաստ Է, Թէ Իսրայէլ Կ՛անտեսէ Լիբանանի Վրայ Իր Յարձակումները Դադրեցնելու Իրերայաջորդ Կոչերը»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտնեց, թէ Իսրայէլի` Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու թիրախաւորումը եւ այդ յարձակումին Լիբանանի Անկախութեան տօնին տեղի ունենալը «յաւելեալ փաստ է, թէ Իսրայէլ կ՛անտեսէ Լիբանանի դէմ իր յարձակումները դադրեցնելու իրերայաջորդ կոչերը, կը մերժէ միջազգային որոշումները գործադրել եւ կը մերժէ բոլոր ջանքերն ու առաջարկուած նախաձեռնութիւնները` վերջ տալու մագլցումին եւ վերականգնելու կայունութիւնը ոչ միայն Լիբանանի, այլ ամբողջ շրջանին մէջ»: «Լիբանան, որ...

Սալամ. «Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ  Յարձակումը Կը Պահանջէ Բոլոր Ջանքերը  Միաւորել Պետութեան Ու Անոր  Հաստատութիւններուն Թիկունքին»

Սալամ. «Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ Յարձակումը Կը Պահանջէ Բոլոր Ջանքերը Միաւորել Պետութեան Ու Անոր Հաստատութիւններուն Թիկունքին»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Էքս» ընկերային ցանցին վրայ գրեց. «Այսօր Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ կատարուած յարձակումը կը պահանջէ բոլոր ջանքերը միաւորել պետութեան ու անոր հաստատութիւններուն թիկունքին: «Լիբանանցիներու պաշտպանութիւնն ու երկրին վտանգաւոր հոլովոյթներու մէջ ներքաշուիլը արգիլելը ներկայ նոր փուլին կառավարութեան առաջնահերթութիւններն են: Անիկա պիտի շարունակէ քաղաքական ու դիւանագիտական բոլոր միջոցներով աշխատիլ եղբայրական ու բարեկամ պետութիւններու հետ` պաշտպանելու համար լիբանանցիները, որեւէ բաց մագլցում...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Իրենց Ժամկէտին` Մայիսին»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Նախագահ Ժոզեֆ Աունի Անկախութեան տօնին ընթացքին արտասանած ճառը անկախական էր` իր ձեւով, վայրով, նիւթով եւ բովանդակութեամբ»: Ան այդպիսով մեկնաբանեց Հարաւային Լիբանանի իսրայէլեան բռնագրաւումին վերջ տալու համար Անկախութեան տօնի 82-ամեակին առիթով Սուր քաղաքէն հանրապետութեան նախագահի արտասանած ճառին մէջ ներկայացուցած նախաձեռնութիւնը: Անդրադառնալով իր օգնական երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի Թեհրան այցելութեան եւ...

Մաքրոն. «Կը Կարծեմ, Թէ Նախագահ Աուն  Չափազանց Կարեւոր Ուղերձ Յղեց»

Մաքրոն. «Կը Կարծեմ, Թէ Նախագահ Աուն Չափազանց Կարեւոր Ուղերձ Յղեց»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն «Սի.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին մեկնաբանեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի Անկախութեան տօնին առիթով արտասանած ուղերձը: «Կը կարծեմ, թէ նախագահ Աուն չափազանց կարեւոր ուղերձ մը յղեց, եւ կ՛ուզեմ ըսել, թէ ան նաեւ մեր տեսակէտը արտայայտեց, այսինքն` Հըզպալլայի հետ խիստ ու ազդու կերպով գործելու եւ գործադրելու մեր ծրագիրը, որ յստակօրէն կը ձգտի հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան գերիշխանութեան...

Հովանաւորութեամբ Վարչապետ Սալամի`  Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան  Նախարարութեան Խորհրդաժողով`  «Պատասխանատու Քաղաքացիութիւն» Խորագիրով

Հովանաւորութեամբ Վարչապետ Սալամի` Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութեան Խորհրդաժողով` «Պատասխանատու Քաղաքացիութիւն» Խորագիրով

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ հովանաւորեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հետ Պէյրութի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ կազմակերպած «Պատասխանատու քաղաքացիութիւն» խորհրդաժողովը, որուն բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Լիբանանի մէջ ներկայացուցիչ Մարք Լուիճի Քորսի եւ շուրջ 300 ուսանողներ Ամերիկեան համալսարանէն, Լուէյզէի համալսարանէն, Հայկազեան համալսարանէն, Լիբանանեան համալսարանէն, Սաժես համալսարանէն, Պէյրութի արաբական համալսարանէն, Սեն Ժոզեֆ համալսարանէն, Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանէն եւ...

Պըզրի. «Սայտան Միջերկրականի Մէջ Գերազանցեց  Եւ Ապահովեց 2027 Թուականի Մշակոյթի  Ու Երկխօսութեան Մայրաքաղաքի Կոչումը»

Պըզրի. «Սայտան Միջերկրականի Մէջ Գերազանցեց Եւ Ապահովեց 2027 Թուականի Մշակոյթի Ու Երկխօսութեան Մայրաքաղաքի Կոչումը»

Երեսփոխան Ապտելռահման Պըզրի յայտարարեց, թէ Սայտա քաղաքը ընտրուած է 2027 թուականի միջերկրականեան մշակոյթի եւ երկխօսութեան մայրաքաղաք` գերազանցելով Միջերկրական ծովու շարք մը հին քաղաքներ: Ան նշեց, որ այդ որոշումը մօտ օրէն պաշտօնապէս Լիբանանին պիտի փոխանցուի սպասուող Եւրոպա-Միջերկրական խորհրդաժողովի ընթացքին: Պըզրի շնորհաւորեց Սայտան այս ձեռքբերումին համար` շնորհակալութիւն յայտնելով մշակոյթի եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն, Սայտայի քաղաքապետութեան եւ շարք մը հաստատութիւններու եւ քաղաքացիական ու...

Աուն. «Պետութիւնը Պատրաստ Է ՄԱԿ-ի Ամերիկեան  Կամ Միջազգային Միացեալ  Հովանաւորութեամբ Բանակցելու»

Աուն. «Պետութիւնը Պատրաստ Է ՄԱԿ-ի Ամերիկեան Կամ Միջազգային Միացեալ Հովանաւորութեամբ Բանակցելու»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին հարաւային Լիբանանէն յղեց Անկախութեան տօնին առիթով ուղերձ մը, որուն մէջ նշեց. «Անկախութեան երթը կը սկսի պետութեան ներկայութեամբ, ոչ թէ անոր բացակայութեամբ, անոր գերիշխանութեամբ, ոչ թէ երկուութեամբ, եւ Լիբանանի հողի իւրաքանչիւր թիզի ազատագրումով»: Ան անկեղծանալու կոչ ուղղելով նշեց, որ Լիբանանի ծնունդի պահը բացարձակ միաձայնութեան պահ չէր, որովհետեւ ոմանք Լիբանանէն աւելի փոքր եղող պետութեան...

Նախագահ Աուն Եւ Զօր. Հայքալ Սուրի Մէջ  «Պենուա Պարաքաթ» Զօրանոց Այցելեցին

Նախագահ Աուն Եւ Զօր. Հայքալ Սուրի Մէջ «Պենուա Պարաքաթ» Զօրանոց Այցելեցին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ երէկ առաւօտեան այցելեցին Սուրի մէջ բանակի «Պենուա Պարաքաթ» զօրանոց, ուր զիրենք դիմաւորեց Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող շրջանի հրամանատար զօր. Նիքոլա Թապեթ: Տեղի ունեցաւ հանդիպում, որուն ընթացքին քննարկուեցան ապահովական կացութիւնը, հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներն ու այդտեղ բանակի առաքելութիւնները: Հանրապետութեան նախագահն ու բանակի հրամանատարը Սուր հասան ուղղաթիռով, որուն կ՛ընկերակցէին...

Փարիզ. «Կը Դատապարտենք Հարաւային  Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումները»

Փարիզ. «Կը Դատապարտենք Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումները»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Փարիզ մտահոգ է հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու աշխուժացումով»: «Կը դատապարտենք իսրայէլեան յարձակումները, որոնք հարաւային Լիբանանի մէջ քաղաքայիններ կը սպաննեն, եւ մեր դիրքորոշումը այն է, որ պէտք է յարգել 27 նոյեմբեր 2024-ին կնքուած զինադադարի համաձայնութիւնը», նշած է ան: Բանբերը նաեւ յայտարարած է. «Ֆրանսան մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի Կոլանի բարձունքին...

Պլասխարթ. «Բանակցութեան  Յարմար Պահը Հիմա Է»

Պլասխարթ. «Բանակցութեան Յարմար Պահը Հիմա Է»

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ժենին Հենես-Պլասխարթ նշեց, թէ 27 նոյեմբեր 2024-ի թշնամական արարքներու դադրեցման փոխհասկացողութեան ուժի մէջ մտնելէն անցած է մէկ տարի, եւ այդ թուականէն ի վեր փոխհասկացողութեան կարգ մը կէտերու գործադրութեան մէջ նկատառելի յառաջընթաց արձանագրուած է, իսկ այլ կէտեր տեղքայլի մէջ են: Ան այս մասին յայտնեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան շուրջ զեկուցումին մէջ:...

Ռաժժի Իրանցի Իր Պաշտօնակիցը Կը Հրաւիրէ  Չէզոք Երկիրի Մը Մէջ Առկախ  Թղթածրարներու Շուրջ Բանակցելու

Ռաժժի Իրանցի Իր Պաշտօնակիցը Կը Հրաւիրէ Չէզոք Երկիրի Մը Մէջ Առկախ Թղթածրարներու Շուրջ Բանակցելու

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին հրաւիրեց չէզոք երկրի մէջ առկախ թղթածրարներու շուրջ բանակցելու: «Եթէ ոեւէ մէկուն հետ խնդիր ունիս, անոր հետ բանակցէ: Ես յանձնառու եմ նախարարաց խորհուրդի որոշումին, ինչ կը վերաբերի որեւէ պետութեան, ներառեալ Իսրայէլի հետ բանակցելուն, եթէ կառավարութիւնը այդ առնչութեամբ որոշում որդեգրէ»: «Եթէ նախարարաց խորհուրդը բանակցիլ որոշէ, ապա մենք հոն ենք, ուր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Անպա» օրաթերթին. «Արշաւին թիրախը բանակի հրամանատարին անձը չէ, այլ կառավարութիւնը, մասնաւորաբար իշխանութիւնը: Բանակը լիբանանեան իրականութենէն անջատ կղզի մը չէ, այլ անոր աշխատանքը իշխանութեան կամքին արտայայտութիւնն է»: . ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ականաւոր աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Արտասահմանի մէջ քուէարկողներուն (որոնց թիւը քաղաքական խնդիրներու եւ անոնց շուրջ տարակարծութեան հետեւանքով սպասուածին չափ չէր) արձանագրման դուռը փակելը պիտի յանգեցնէ կարգաւորման մը, որ...

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Ժողովի  Օրակարգին Վրայ Գտնուող Կէտերուն Մեծամասնութիւնը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Ժողովի Օրակարգին Վրայ Գտնուող Կէտերուն Մեծամասնութիւնը

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը, որուն օրակարգը կը բաղկանար 40 կէտերէ: Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս ժողովի աւարտին յայտարարեց, թէ նախարարաց խորհուրդը վաւերացուց իր օրակարգին վրայ գտնուող կէտերուն մեծամասնութիւնը, ինչպէս նաեւ Անթուան Մաաքարոնը նշանակեց Պեքայի ջուրի ընկերութեան վարչական խորհուրդի նախագահ: Ան նշեց, որ Անկախութեան տօնին առիթով տօնակատարութիւն կամ զինուորական տողանցք պիտի չկատարուի` նկատի ունենալով այն պայմանները, որոնց...

Page 72 of 986 1 … 71 72 73 … 986

Արխիւներ