Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆայիատ. «Ամերիկեան Ուղին Կը Վտանգէ Լիբանանն Ու Անոր Գերիշխանութիւնը»

Նոյեմբեր 21, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայիատ նշեց. «Այն ուղին, որով ամերիկացիները կը փորձեն Լիբանանը առաջնորդել, այլեւս յստակ է: Անիկա խնդրայարոյց եւ վտանգաւոր ուղի մըն է, որ հիմնուած է ենթակայութեան եւ ամերիկեան ու իսրայէլեան պայմաններուն նկատմամբ ամբողջական անձնատուութեան վրայ: Անիկա նուազագոյն հաւասարակշռութենէ զուրկ է, ներառեալ ձեւական հաւասարակշռութենէն: Անոնք ոչ ոք կը խնայեն եւ ոչ ոք կը յարգեն, ո՛չ ալ նկատի կ՛ունենան որեւէ դիրք, պատասխանատուութիւն կամ սահմանադրական հաստատութիւն, այլ լիբանանեան որոշումներուն, շահերուն եւ լիազօրութիւններուն բացարձակ անտեսումով կը գործեն»:

«Խնդրայարոյց եւ վտանգաւոր ուղին, որուն ամերիկացիները կը ձգտին, ամբողջ Լիբանանը վերածեց թիրախի: Ատիկա կը հաստատէ մեր զգուշացումը, թէ ծրագիրը այլեւս Դիմադրութեան զէնքի թիրախաւորումով չէ բաւարարուած, այլ ամբողջ հայրենիքը կը թիրախաւորէ: Ուստի այս ծրագիրը չի կրնար ընդառաջումի արժանանալ որեւէ լիբանանցիի կողմէ, որուն համար ազգային արժանապատուութիւնը բան մը կը նշանակէ կամ իր դիրքորոշումը կը հիմնէ գերիշխանութեան եւ ազգային շահերուն վրայ, այլապէս իր հոգին սատանային ծախած կ՛ըլլայ, եւ վերջինիս նմանները, ցաւօք, շատ են», նշեց երեսփոխանը:

«Այս թիրախաւորման դիմակայումը կ՛ենթադրէ բոլորուիլ ազգային միացեալ կեցուածքի շուրջ, որ անպայման քաղաքական տարակարծութիւնները չի ջնջեր, սակայն կը հիմնուի ազգային հիմնական սկզբունքներու շուրջ, որոնք իսրայէլեան թշնամական արարքներու դիմակայումը կը նկատեն առաջնահերթութիւն եւ կը մերժեն Լիբանանը տկարացնելու ու անոր վարկաբեկիչ պայմաններ պարտադրելու քաղաքականութիւնը», յայտնեց Ֆայիատ:

«Մենք մեծ մտահոգութեամբ եւ զայրոյթով կը դիտենք ներքին կեցուածքները, որոնք կ՛արդարացնեն իսրայէլեան թշնամիին կողմէ մեր դէմ շարունակական արիւնահեղութիւնը կամ ամերիկացին կը նշանակեն աղքատացնելու մեր ժողովուրդը եւ հարուածելու անոր ապրուստի միջոցները: Ասիկա կը հակասէ ազգային համակեցութեան ուխտին եւ ներքին կայունութեան սկզբունքներուն, որոնք նշուած են Թաէֆի համաձայնութեան եւ լիբանանեան սահմանադրութեան մէջ», աւելցուց երեսփոխանը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Քպէյսի. «Բանակին Եւ Դիմադրութեան Միջեւ Փոխհասկացողութիւնը Ոմանց Նեղութիւն Կը Պատճառէ, Եւ Զանոնք Օտարի Լրտեսներու Կը Վերածէ»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Ժողովի  Օրակարգին Վրայ Գտնուող Կէտերուն Մեծամասնութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Ժողովի Օրակարգին Վրայ Գտնուող Կէտերուն Մեծամասնութիւնը

Նոյեմբեր 21, 2025
Պըրրի. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` Իրենց Ժամկէտին»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Պէտք Է Շարունակել Հայրենիքի Անկախութեան, Զայն Ստրկութենէ Ու Ենթակայութենէ Պաշտպանելու Ճակատամարտը»

Նոյեմբեր 21, 2025
Սալամ. «Կը Վերահաստատենք Իսրայէլի Հետ  Բանակցելու Մեր Պատրաստակամութիւնը»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կը Վերահաստատենք Իսրայէլի Հետ Բանակցելու Մեր Պատրաստակամութիւնը»

Նոյեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?