Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Պէտք Է Շարունակել Հայրենիքի Անկախութեան, Զայն Ստրկութենէ Ու Ենթակայութենէ Պաշտպանելու Ճակատամարտը»

November 21, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Լիբանանի անկախութեան 82-ամեակին առիթով լիբանանցիներուն յղած իր պատգամին մէջ յայտնեց. «Անկախութիւնը պատմութեան մէջ օր մը չէ, ինչպէս նաեւ անցեալին տեղի ունեցած անորոշութեան վրայ հիմնուած արարք մը չէ: Անիկա լիբանանցիներուն` իբրեւ ժողովուրդ, բանակ եւ իշխանութիւններ, առօրեայ քննութիւնն է: Անիկա անոնց ուղղուած մնայուն հրաւէր է` շարունակելու հայրենիքի անկախութեան, զայն ստրկութենէ ու ենթակայութենէ պաշտպանելու ճակատամարտը, գերիշխանութեան տէր կանգնելու, ենթակայութեան դէմ ազգային կամքը ամրապնդելու եւ բռնագրաւումի ճիրաններէն ազատագրելու հողն ու մարդը»:

Պըրրի կոչ ուղղեց «բանակին համար անհրաժեշտ աջակցութիւնը ապահովելու եւ անոր ղեկավարութիւնը, զինուորներն ու սպաները պարգեւատրելու, եւ ոչ թէ` զանոնք կասկածի տակ առնելու, զրպարտելու եւ անոնց դէմ հրահրում կատարելու»:

«Լիբանանցիները, բոլոր լիբանանցիները, իրենց քաղաքական ուժերով այս տարի անկախութեան տօնին անգամ մը եւս ճակատագրական քննութեան առջեւ են, թէ որքանո՛վ արժանի են «անկախութեան»` անոր բոլոր իմաստներով եւ ազգային արժէքներով», ըսաւ խորհրդարանի նախագահը:

«Այսօր այդ քննութեան դաշտը հարաւն է, որ հայրենիք եւ առաքելութիւն եղող Լիբանանի փոքր պատկերն է:(…) Այդտեղ է հայրենասիրութեան ու իսկական պատկանելիութեան աստիճանը, եւ այդտեղ կը քննուի իւրաքանչիւր պետական իշխանութեան լրջութիւնն ու անոր բոլոր, մասնաւորաբար վերաշինութեան նկատմամբ յանձնառութիւններուն յարգումը, շարունակուող իսրայէլեան յարձակումը դադրեցնելու կարելի իւրաքանչիւր ջանքը` նկատի ունենալով, որ ան պատասխանատու է հողի սեփականատէրերուն առջեւ, որոնք բանակի կողքին իսկական անկախութիւնը կը կերտեն դիմացկունութեամբ, հայրենիքի հողին վերջին հատիկին կառչելով եւ սկզբունքներով` որքան ալ սուղ ըլլան զոհաբերութիւնները», նշեց Պըրրի:

«Արդեօք բոլորս այս քննութեան մէջ կը յաջողի՞նք եւ մեր արժանի եղած անկախութիւնը կը կերտե՞նք» հարց տուաւ խորհրդարանի նախագահը:

 

Նախորդը

Սալամ. «Կը Վերահաստատենք Իսրայէլի Հետ Բանակցելու Մեր Պատրաստակամութիւնը»

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Ժողովի Օրակարգին Վրայ Գտնուող Կէտերուն Մեծամասնութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.