Լիբանանեան

Մինչ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Տեղեակ Չէ.  Ժապեր Կը Մաղթէ, Որ Բանակի Հրամանատարը  Մօտ Օրէն Լուծէ Իր Ուաշինկթըն  Այցելութեան Ջնջման Խնդիրը

Մինչ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Տեղեակ Չէ. Ժապեր Կը Մաղթէ, Որ Բանակի Հրամանատարը Մօտ Օրէն Լուծէ Իր Ուաշինկթըն Այցելութեան Ջնջման Խնդիրը

Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր, մեկնաբանելով լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի Ուաշինկթըն այցելութեան ջնջման վերաբերող լուրերը, նշեց. «Կը մաղթեմ, որ բանակի հրամանատարը մօտ օրէն խնդիրը լուծէ»: Ան «Էմ. Թի. Վի.» յայտնեց. «Բանակը պէտք է ամէն աջակցութիւն ստանայ, եւ զայն պէտք չէ տկարացնել: Ատիկա Լիբանանէն դիւանագիտական ջանք պահանջող հարց մըն է»: Ժապեր «Ժատիտ»-ի հետ ալ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Այն, ինչ որ...

Պայրագտարեանի Հովանաւորութեամբ.  Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ  Երիտասարդներու Հետ Բազմամարդ Հանդիպում

Պայրագտարեանի Հովանաւորութեամբ. Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ Երիտասարդներու Հետ Բազմամարդ Հանդիպում

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հովանաւորութեամբ հինգշաբթի օր կատարած «Դէպի Լիբանանի մէջ մարմնակրթութեան ազգային ռազմավարութիւն» խորագիրով խորհրդաժողովին իբրեւ շարունակութիւն, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ուսանողներուն հետ բազմամարդ հանդիպում մը, որ կազմակերպուած էր երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ: Հանդիպումի ընթացքին խօսք առաւ Բրիտանիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար...

Ժապեր. «Քարտ Հասան»-ի Հարցի Լուծումը  Պէտք Է Նախ Եւ Առաջ Քաղաքական  Եւ Երկխօսութեան Ճամբով Ըլլայ»

Ժապեր. «Քարտ Հասան»-ի Հարցի Լուծումը Պէտք Է Նախ Եւ Առաջ Քաղաքական Եւ Երկխօսութեան Ճամբով Ըլլայ»

Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր «Պէյրութ 1» խորհրդաժողովի մէկ կլոր սեղանի ընթացքին նշեց. «2026 թուականին ֆինանսական աւելցուք պիտի արձանագրենք»: «Անհամբեր կը սպասենք միջազգային եւ արաբական ընկերութիւններու հետ գործընկերութիւններու», ըսաւ ան: «Վաղը Պէյրութի նաւահանգիստ կը հասնին «սքանըր»-ի նոր սարքերը, եւ երկու օր ետք ալ անոնք Թրիփոլիի նաւահանգիստ կը հասնին», յայտնեց Ժապեր: Ելեւմուտքի նախարարը նշեց. «Միջազգային եւ արաբական ընկերութիւններու հետ կը բանակցինք նոր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Անդրադառնալով Ոմանց Կողմէ Իր Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներու Հաստատման «Հրահրումին»` Պըրրի. «Գիշերները Չեմ Քնանար»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, պատասխանելով «Ժումհուրիա» օրաթերթին` ոմանց իր դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու հաստատման համար «վատաբանութեան» եւ «հրահրման» վերաբերեալ իր տեսակէտին մասին հարցումին, հեգնանքով նշեց. «Գիշերները չեմ քնանար»: Ան կը մեկնաբանէր կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններու Ուաշինկթըն այցելութիւնն ու լիբանանեան հարցին շուրջ ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ հանդիպումը:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած դեսպան Միշել Իսա Պէյրութ հասնելէն առաջ շարք մը լրագրողներու եւ գործարարներու հետ ծանօթացման հանդիպումի ընթացքին խոստովանեցաւ, որ դիւանագիտական աշխատանքին ծանօթ չէ, եւ շատ բան չի հասկնար Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան բարդութիւններէն, ուստի իր գիտելիքները զարգացնելու համար անոնց օգնութիւնը կը խնդրէ»: . ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը. «Այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, աւելին է, քան հոգեբանական...

Նախագահ Աուն Ստորագրեց Ընտրական Օրէնքը  Բարեփոխելու Շտապ Օրինագիծը  Եւ Զայն Յղեց Խորհրդարանին

Նախագահ Աուն Ստորագրեց Ընտրական Օրէնքը Բարեփոխելու Շտապ Օրինագիծը Եւ Զայն Յղեց Խորհրդարանին

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ստորագրեց եւ խորհրդարանին յղեց երեսփոխանական ընտրութեան օրէնքը բարեփոխելու եւ անոր կարգ մը յօդուածները առկախելու շտապ օրինագիծը` անոր կցելով նախարարաց խորհուրդին 6 նոյեմբեր 2025-ին որդեգրած օրինագիծի բնագիրը: Նախագահը նաեւ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու բարձր յանձնակատարի Պէյրութի գրասենեակի նոր տնօրէն Քարոլինա Լինտհոլմ Պիլլինկը, որ անոր ներկայացուց յանձնակատարութեան աշխատանքն ու Լիբանանի մէջ աշխատանքային ծրագիրը, մասնաւորաբար ինչ...

Միացեալ Նահանգներու Նոր Դեսպանը  Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Նախագահ Աունին

Միացեալ Նահանգներու Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Նախագահ Աունին

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ստանձնեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Միշել Իսայի հաւատարմագիրները: Վերջինս նախագահ Աունի փոխանցեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ողջոյնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեւամերիկեան յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ տարբեր ոլորտներու մէջ զարգացնելու անոր նախանձախնդրութիւնը: Նախագահ Աուն իր կարգին դեսպան Իսային յաջողութիւն մաղթեց: Միացեալ Նահանգներու դեսպանը երէկ նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Պըրրի. «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբը Սկսած Է Բանակին Հսկել, Եւ Ոչ Թէ` Իսրայէլի»

Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսէյֆի «Ժումհուրիա» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ նշեց. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին մամլոյ խմբագիրներու սենտիքայի խորհուրդին հետ իր հանդիպումին ընթացքին լաւատես կամ յոռետես չէր, այլ` ներկայ կացութեան որակաւորման մէջ առաւելագոյն չափով իրատես: Ան «սուրճի գաւաթ» չի կարդար` գուշակելու համար, թէ պատերազմը կա՞յ, թէ՞ ոչ, որովհետեւ Իսրայէլի նման պետութեան հետ ամէն բան կարելի է, եւ...

ՄԱԿ. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերը Տակաւին  Իրենց Դիրքերուն Վրայ Են,  Եւ Կութիերես Կը Յայտնէ, Թէ Զանոնք  Թիրախաւորելը Կրնայ Պատերազմական Ոճիր Ըլլալ»

«Իսրայէլի Յարձակումները Մտահոգիչ Են» Կ՛ըսէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Բանբերը

ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբեր Քանտիս Արտիել յայտնեց. «Միջազգային ուժերու աշխատանքը վտանգներով լեցուն է, սակայն կարելի եղածին չափ անոնց անդամներուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար ապահովական խիստ քայլեր կը կիրարկենք: Բայց եւ այնպէս, խաղաղապահ ուժերու անվտանգութիւնը, ի վերջոյ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի առնչակից կողմերու ուսերուն է»: «Ախպար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով կիրակի օր իսրայէլեան «Մերքաւա» հրասայլի մը պարեկութիւն կատարող խաղաղապահ զինուորներու վրայ...

Շէյխ Խաթիպ. «Կ՛ուզենք, Որ Կառավարութիւնը Դէմ  Դնէ Իսրայէլին Եւ Օտարերկրեայ  Որոշումներուն Չենթարկուի»

Շէյխ Խաթիպ. «Կ՛ուզենք, Որ Կառավարութիւնը Դէմ Դնէ Իսրայէլին Եւ Օտարերկրեայ Որոշումներուն Չենթարկուի»

Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ Թըմնինի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Նախապէս Սուրիան Լիբանան կանչեցին, երբ պայմանները փոխուեցան անոր դէմ դարձան: Նախապէս նաեւ իսրայէլացի թշնամին իրենց համաքաղաքացիներուն դէմ կանչեցին, եւ բազմաթիւ շրջաններու մէջ ջարդեր տեղի ունեցան: Հետեւանքը եղաւ այն, որ իսրայէլացի թշնամին հարազատներու միջեւ յառաջացուց սադրանք, որ յանգեցաւ քանդումի եւ տեղահանութեան, եւ այժմ ինչո՞ւ կ՛ընթանանք այս...

Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչի  Եւ Ելեւմտական Շուկաներու Վարչական  Խորհուրդի Անդամներու Երդման Արարողութիւն

Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչի Եւ Ելեւմտական Շուկաներու Վարչական Խորհուրդի Անդամներու Երդման Արարողութիւն

Ելեւմտական շուկաներու վարչական խորհուրդի նախագահ, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Քարիմ Սուէյտ, նշանակեալ անդամ երեք փորձագէտներ Զենա Սամատ Մըհթար, Ղասսան Ապու Ատալ եւ Մահմուտ Ժապահի հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի դիմաց կատարեցին իրենց երդումը` առ ի պատրաստութիւն իրենց աշխատանքի մեկնարկին: Նախագահը նաեւ Համացանցի եւ հաղորդակցութեան արաբական միութենէն պատուիրակութիւն մը ընդունելով իր գնահատանքը արտայայտեց միութեան նախաձեռնութիւններուն համար: Նախագահ Աուն ողջունեց Լիբանանի` իբրեւ արհեստական բանականութեան...

Իսրայէլեան Զինուորական Աղբիւրներ «Մաարիւ»-ին.  «Լիբանանեան Բանակին Իր Պարտաւորութիւնները  Կատարելու Եւ Հըզպալլան Զինաթափելու  Անկարողութեամբ Մտահոգ Ենք»

Իսրայէլեան Զինուորական Աղբիւրներ «Մաարիւ»-ին. «Լիբանանեան Բանակին Իր Պարտաւորութիւնները Կատարելու Եւ Հըզպալլան Զինաթափելու Անկարողութեամբ Մտահոգ Ենք»

Իսրայէլեան զինուորական աղբիւր մը իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին յայտնած է. «Իսրայէլեան բանակը լիբանանեան բանակին Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութեան իր բաժինը կատարելու եւ Հըզպալլան զինաթափելու անկարողութեամբ մտահոգ է»: «Վերջին շաբաթներուն իսրայէլեան բանակը ճանչցաւ ինքզինք վերականգնելու համար Հըզպալլայի որդեգրած քայլերը: Անիկա իր ուժը կը վերականգնէ լայնածաւալ զինուորագրութեամբ եւ կը փորձէ զէնք կուտակել, աւելի՛ն` Լիթանի գետի հիւսիսը պաշտպանութեան նոր գիծ, ինչպէս նաեւ հրթիռային եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթ. «Իրանն ու Հըզպալլան կը վերականգնեն այլ պետութիւններէ անցնող մաքսանենգման համակարգը»: . ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած դեսպան Միշել Իսան կրնայ իրեն հետ բերել «անուղղակի բանակցութիւններ»-ու առաջարկին զոյգ պատասխանները` զանոնք այսօր հանրապետութեան նախագահին փոխանցելու համար»: . ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Եգիպտական հետախուզութեան պետ հազարապետ-զօրավար Հասան Ռաշատ կը շարունակէ տարբեր կողմերու հետ...

ՖԻՆԻՒԼ. «Իսրայէլեան Հրասայլ Մը Կրակ Բացաւ  Մեր Ուժերուն Վրայ»

ՖԻՆԻՒԼ. «Իսրայէլեան Հրասայլ Մը Կրակ Բացաւ Մեր Ուժերուն Վրայ»

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ժամանակաւոր ուժը` ՖԻՆԻՒԼ-ը երէկ յայտարարեց. «Իսրայէլեան բանակին պատկանող «Մերքաւա» հրասայլ մը այսօր առաւօտեան ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն վրայ կրակ բացաւ` լիբանանեան հողերուն վրայ անոնց կեցութեան վայրին մօտ»: «Ծանր գնդացիրէ արձակուած փամփուշտներ թիրախաւորեցին շուրջ հինգ մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող խաղաղապահ ուժերը, որոնց զինուորները հետիոտն էին եւ ստիպուեցան շրջանին մէջ թաքնուիլ», նշեց ՖԻՆԻՒԼ-ը: «Խաղաղապահ ուժերու զինուորները ՖԻՆԻՒԼ-ի հաղորդակցութեան խողովակներուն...

Քումաթի. «Կուսակցութեան Մը Ղեկավարը  Հըզպալլայի Զինաթափումը Կը Պահանջէ, Երբ  Իր Կուսակցութեան Պահեստանոցները  Ամերիկեան Զէնքով Լեցուած Են»

Քումաթի. «Կուսակցութեան Մը Ղեկավարը Հըզպալլայի Զինաթափումը Կը Պահանջէ, Երբ Իր Կուսակցութեան Պահեստանոցները Ամերիկեան Զէնքով Լեցուած Են»

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ, նախկին նախարար Մահմուտ Քումաթի նշեց. «Իսրայէլացի թշնամին կը կարծէ, որ կրնայ ամրագրել կարգ մը հաւասարակշռութիւններ, որոնց հիմամբ մնայուն կերպով այս հայրենիքին նկատմամբ ոտնձգութիւն կը կատարէ, առօրեայ կերպով յարձակում կը գործէ, կը սպաննէ եւ կը քանդէ, եւ ոչ ոք զինք կ՛արգիլէ կամ իր դէմ կը բողոքէ, ո՛չ Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի գլխաւորած զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբը, ո՛չ լիբանանեան պետութիւնը,...

Ռայի. «Լիբանան Կարիքը Ունի Պատասխանատուներու,  Որոնք Գիտեն Ե՛րբ Լսել Եւ Ե՛րբ Խօսիլ»

Ռայի. «Լիբանան Կարիքը Ունի Պատասխանատուներու, Որոնք Գիտեն Ե՛րբ Լսել Եւ Ե՛րբ Խօսիլ»

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը կիրակնօրեայ սուրբ պատարագի իր քարոզի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանի ոտքի կանգնումը ճառերով չի սկսիր, այլ սիրտէն, ներքին վերանորոգումէն, հաւատքէն, թէ Աստուած տակաւին մեր պատմութեան մէջ ներկայ է, մեր հայրենիքի տաճար պիտի այցելէ, եթէ մեր սիրտերը պատրաստ, հաւատացեալ եւ աղօթող գտնէ»: «Լիբանան կարիքը ունի պատասխանատուներու, որոնք գիտեն ե՛րբ լսել եւ ե՛րբ խօսիլ, որովհետեւ անկեղծ խօսքը փորձութեան ենթարկուած եւ ցաւով...

Ժաշի. «Միացեալ Նահանգներ Ճնշում  Կը Բանեցնեն Խաղաղութեան Համաձայնագիր  Պարտադրելու Համար, Եւ Լիբանանի Հետ Այնպէս  Կը Վարուին, Կարծէք Ամերիկեան Հոգատարութեան Տակ Է»

Ժաշի. «Միացեալ Նահանգներ Ճնշում Կը Բանեցնեն Խաղաղութեան Համաձայնագիր Պարտադրելու Համար, Եւ Լիբանանի Հետ Այնպէս Կը Վարուին, Կարծէք Ամերիկեան Հոգատարութեան Տակ Է»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Ժաշի յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու այսօր Լիբանանի մէջ իշխանութեան պետերուն վրայ բանեցուցած ճնշումին նպատակը երկիրը իսրայէլեան պայմաններուն հիմամբ Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու մղելու համար է, ինչ որ կը ծառայէ շրջանը ենթակայ դարձնելու եւ հարստութիւնները թալանելու սիոնական-ամերիկեան ծրագիրին: «Լիբանանցի պաշտօնատարները կը հաստատեն, որ մեծ ճնշումներու կ՛ենթարկուին, այն պահուն, երբ ամերիկացին լիբանանցիները բռնածաղրի կ՛ենթարկէ եւ հետեւանքներով...

Տիմաշքիէ. «Պատասխան Կը Սպասենք Այն Պաղեստինեան  Խմբաւորումներէն, Որոնք Տակաւին Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Որոշում Չեն Տուած»

Տիմաշքիէ. «Պատասխան Կը Սպասենք Այն Պաղեստինեան Խմբաւորումներէն, Որոնք Տակաւին Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Որոշում Չեն Տուած»

Լիբանանեւպաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ, դեսպան Ռամեզ Տիմաշքիէ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեց, որ ճիշդ է, որ գաղթակայաններէն պաղեստինեան զէնքերու յանձնման կշռոյթը «վերջին շրջանին տկար էր, սակայն պաղեստինեան իշխանութիւնները յառաջիկայ շաբաթներուն հարաւային Լիբանանի եւ Պէյրութի մէջ յաւելեալ զէնքեր պիտի յանձնեն: Միւս կողմէ, պատասխան կը սպասենք պաղեստինեան այն խմբաւորումներէն, որոնք տակաւին զէնքի յանձնման վերաբերեալ որոշում չեն տուած»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ խօսքը Համասի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ բարձրաստիճան ու լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Արեւմուտքցի պատուիրակներու առաջարկածը կրկնութիւն է, եւ ես կ՛ըսէի, թէ բոլոր կողմերէն կ՛ընդօրինակուի: Անոնք կ՛ըսեն, թէ կողմերը պէտք է դադրեցնեն լարուածութեան սրումը եւ պահպանեն 27 նոյեմբերի համաձայնութիւնը, եւ Իսրայէլը պատասխանատու կը նկատեն այդ համաձայնագիրը խախտելու եւ Լիբանանի դէմ իր յարձակողական գործողութիւնները շարունակելու համար: «Բայց եւ այնպէս, անոնցմէ ոչ մէկը կը կատարէ լուրջ...

Աուն Եւ Սալամ Ողջունեցին  Սէուտական Արաբիոյ Որոշումը

Աուն Եւ Սալամ Ողջունեցին Սէուտական Արաբիոյ Որոշումը

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ողջունեց Լիբանանի հետ առեւտրական յարաբերութիւնները ամրապնդելու Սէուտական Արաբիոյ դիրքորոշումը` ըսելով. «Մենք Սէուտական Արաբիոյ կը սպասենք, եւ Լիբանանի պաշտպանութիւնը իր արաբական շրջապատէն կու գայ»: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ «եւ Լիբանանի կայունութեան ու բարգաւաճման միշտ նախանձախնդիր եղող ղեկավարութեան»` երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական յարաբերութիւնները ամրապնդելուն եւ լիբանանեան արտածումներուն դէմ հաստատուած արգելքները վերցնելու մօտալուտ քայլեր որդեգրելու...

Page 74 of 986 1 … 73 74 75 … 986

Արխիւներ