Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում Եւ Աճող Տնտեսութիւն»

November 21, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Պէյրութ 1» խորհրդաժողովի աւարտին վարչապետարանին մէջ խորհրդաժողովի մասնակիցներուն ի պատիւ ընթրիքի ընթացքին յայտնեց. «Առանց անվտանգութեան ու կայունութեան ներդրում չկայ, ինչպէս նաեւ տնտեսական աճ չկայ»:

«Կասկած չունիմ, որ «Պէյրութ 1» խորհրդաժողովին այսքան մեծաթիւ մասնակցութիւնը ապացոյց է Լիբանանի ներուժին եւ անոր զաւակներուն կարողութիւններուն նկատմամբ վստահութեան վերականգնման, ինչպէս նաեւ կը վերահաստատէ պետական ու սեփական մարզերուն միջեւ գործընկերութեան կարեւորութիւնը, եւ անհրաժեշտութիւնը իր արաբ եղբայրներուն հետ Լիբանանի գործակցութիւնը ամրապնդելու եւ աշխարհին բացուելու` կառուցելու համար աւելի բարգաւաճ ու տեւական ներդրումային պայմաններ», ըսաւ Սալամ:

Վարչապետը նշեց, որ իր գլխաւորած կառավարութիւնը կը կրէ «Բարեկարգումի եւ փրկութեան կառավարութիւն» անունը, եւ «ես քաջ գիտեմ, որ փրկութիւնը միայն իսկական բարեկարգումի ճամբով է, որ արդիական պետութիւն կը հաստատէ, քաղաքացիներուն վստահութիւնը կը վերականգնէ եւ արաբ եղբայրներուն ու աշխարհի տարածքին բարեկամներուն վստահութիւնը կը վայելէ»:

«Կառավարութիւնը ինքնիրեն ճշդեց հիմնական յստակ նպատակ մը` պետութիւնը կառուցել ամբողջական, հաստատութենական, վարչական եւ ելեւմտական բարեկարգումի ամուր հիմերու վրայ, որովհետեւ մեր ձգտած պետութիւնը հզօր եւ արդար պետութիւն է, որմէ վեր իշխանութիւն չկայ: Մեր կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ նաեւ յստակ դարձուցինք, թէ ատիկա զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնել կը պահանջէ: Առանց ատոր չկայ անվտանգութիւն եւ կայունութիւն: Առանց անվտանգութեան եւ կայունութեան չկայ ներդրում եւ աճող տնտեսութիւն», շեշտեց Սալամ:

 

 

Նախորդը

Ապու Հասան. «Ան, Որ Իր Գրաւը Իսրայէլեան Հարուածին Վրայ Դրած Է, Վստա՞հ Է, Թէ Միայն Կուսակցութիւնը Պիտի Թիրախաւորուի»

Յաջորդը

Սալամ. «Կը Վերահաստատենք Իսրայէլի Հետ Բանակցելու Մեր Պատրաստակամութիւնը»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.