Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Քրէյթեմի իր տան մէջ ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց եւ միջազգային գործակցութեան նախարարութեան մէջ պետական նախարար Նուրա Քաապին եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ մշակութային ու տնտեսական գործընկերութեան ամրապնդման կարելիութիւնները, մասնաւորաբար Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Լիբանանի մէջ ներդրումի առիթներու ամրապնդման ու վերականգնման նպատակը հետապնդող «Պէյրութ 1» խորհրդաժողովին մասնակցութեան լոյսին տակ:
Վարչապետ Սալամ Լիբանանի նախանձախնդրութիւնը յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ մշակութային ու տնտեսական գործակցութիւնը զարգացնելու նկատմամբ, ինչպէս նաեւ օգտուելու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ բնակող եւ մշակութային ու նորարարական ճարտարագիտութիւններու մէջ աշխուժ դերակատարութիւն ունեցող լիբանանեան գաղութի մեծ դերակատարութենէն:
Սալամ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Քաապիին` խորհրդաժողովին մասնակցելու հրաւէրը ընդունելուն համար:
Քաապի իր կարգին ուրախութիւն յայտնեց Լիբանան այցելելուն եւ Սալամի հետ հանդիպելուն համար:
Ան յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնը ղեկավարութեան եւ երկու ժողովուրդներու մակարդակին վրայ ամուր եւ խոր է, եւ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը հաստատուած է «ապագայի նկատմամբ հասարակաց տեսլականի եւ երկու ժողովուրդներուն ի շահ պտուղ տուող առիթներու վրայ»:


