Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Կը վերահաստատենք Իսրայէլի հետ բանակցելու մեր պատրաստակամութիւնը, եւ Ամերիկայի օգնութիւնը կ՛ակնկալենք դէպի բանակցութիւններ մղման մէջ»:
«Իսրայէլ չի յարգեր զինադադարի համաձայնութեան կէտերը», յայտնեց վարչապետը:
Սալամ նաեւ շեշտեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ զինաթափման ծրագիրները ճիշդ կերպով կ՛ընթանան»:
«Լիբանանեան բանակը կ՛ընդլայնէ հարաւային Լիբանանի մէջ իր ջանքերը, մասնաւորաբար Իսրայէլի սահմանին մօտիկ շրջաններուն մէջ», յայտնեց վարչապետը:


