Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Եւ Վարչապետ Հարիրի  Կը Զգուշացնեն Թմրամոլութեան Վնասներէն

Նախագահ Աուն Եւ Վարչապետ Հարիրի Կը Զգուշացնեն Թմրամոլութեան Վնասներէն

Թմրեցուցիչի օգտագործման եւ ապօրինի կերպով մաքսանենգումի միջազգային օրուան առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն կոչ ուղղեց զգուշանալու թմրամոլութեան վնասներէն եւ պայքարելու թմրեցուցիչի օգտագործումին դէմ: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ թմրեցուցիչի զոհերը շատ աւելի են, քան պատերազմի զոհերը` աւելցնելով, որ անոր հետեւանքները կը քանդեն անհատները, ընտանիքներն ու ընկերութիւնը: «Սակայն բոլորին միասնականութեամբ եւ թմրեցուցիչի դէմ մղուած միացեալ պայքարով կարելի...

Պըրրի Ենթարկուեցաւ Վիրահատումի

Պըրրի. «Համամասնական Ընտրական Օրէնքին Անցնելու Փուլը Նոր Տուեալներ Պիտի Պարտադրէ»

Ֆիթրի տօնին առիթով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շնորհաւորական հեռագիրներ եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ շարք մը անձնաւորութիւններէ, որոնց շարքին էին հանրապետութեան նախկին նախագահներ Ամին Ժեմայէլ եւ զօր. Միշել Սլէյման, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով նախարարներ, երեսփոխաններ, դիւանագիտական անձնաւորութիւններ, զինուորականներ եւ դատական իշխանութեան ներկայացուցիչներ: Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ ինք աշխատավարձի նոր յաւելումները հին յաւելումներուն միախառնելու թղթածրարին պիտի չսպասէ` աւելցնելով,...

Միւֆթի Տըրիան. «Ներքին Լիբանանեան  Առումով Օգտագործուող Որեւէ Զէնք  Սադրանքի Գործիք Կը Նկատուի»

Ֆիթրի Տօնին Առիթով Միւֆթի Տըրիան Շնորհաւորութիւններ Ստացաւ

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունէն, վարչապետ Սաատ Հարիրիէն, նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն, նախկին վարչապետներ Սելիմ Հըսէն, Ֆուատ Սինիորայէն, Նեժիպ Միքաթիէն եւ Թամմամ Սալամէն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքէն, շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանէն, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանէն, ալեւի համայնքի հոգեւոր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշգրիտ թուականին եւ ինչու չէ նաեւ այդ թուականէն ալ առաջ կատարելու նպատակով: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը վաւերացնելու առանցքը պէտք է քաղաքական քայլերու եւ նիստերու զուգահեռ ընթանայ: ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ...

Մամլոյ Արձակուրդ

Ֆիթրի տօնին առիթով եւ համաձայն մամլոյ սենտիքային որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 26 եւ երեքշաբթի, 27 յունիս 2017-ին: Մեր յաջորդ թիւը` չորեքշաբթի, 28 յունիսին:

Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Հրապարակեց Պատասխան- Հաղորդագրութիւն Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, իբրեւ պատասխան լիբանանեան մամուլով հրապարակուած` իրականութեան չհամապատասխանող արտայայտութիւններուն: Հաղորդագրութիւնը ընդգրկեց օր մը առաջ Պաապտայի ժողովին ընթացքին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի արտասանած խօսքին հիմնական գաղափարները:

Սէյիտ Նասրալլա. «Դիմադրութիւնը  Կարողութիւն Ունի Հաւանական Պատերազմին Գինը  Շատ Սուղ Վճարել Տալու Իսրայէլին»

Սէյիտ Նասրալլա. «Դիմադրութիւնը Կարողութիւն Ունի Հաւանական Պատերազմին Գինը Շատ Սուղ Վճարել Տալու Իսրայէլին»

Երուսաղէմի միջազգային օրուան առիթով` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան  արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ իմամ Խումէյնիի կողմէ ճշդուած` ռամատան ամսուան վերջին ուրբաթ օրուան զուգադիպող այս օրը ամէնէն սուրբ դատին նուիրուած է` աւելցնելով, որ ամբողջ մարդկութիւնը պատասխանատու է այդ դատին լուծման: Ան նշեց, որ իմամ Խամենէի իր կարգին հաւատարիմ մնացած է Խումէյնիի ուղեգիծին եւ շարունակած...

Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Լիբանանին Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ

Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Լիբանանին Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց Լիբանանի յանձնառութիւնը լիբանանեան-չինական յարաբերութիւնները բոլոր մարզերուն մէջ ամրապնդելու իմաստով: Ան գնահատեց Լիբանանի նկատմամբ Չինաստանի զօրակցութիւնը` յայտնելով, որ լիբանանեան շուկան ամէնէն աւելի չինական արտադրութիւններ կը ներածէ: Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ լիբանանեան բանակին տրամադրուած...

Մոսկուայի Մէջ.  Ժոմպլաթ Լաւրովի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան  Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Մոսկուայի Մէջ. Ժոմպլաթ Լաւրովի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, ընկերակցութեամբ իր զաւկին` Թայմուր Ժոմպլաթի եւ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ տագնապին վերաբերող հարցերը: Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ աւելի ապահով վայրերու ստեղծումը պէտք է արժանանայ...

Դեսպան Մկրտչեան Իմատ Օսմանի Հետ  Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Դեսպան Մկրտչեան Իմատ Օսմանի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ այցելեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, Լիբանանի ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Բանակը Ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի  Անդամ Մոհամետ Քրոնպին

Բանակը Ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի Անդամ Մոհամետ Քրոնպին

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` տեղեկացնելով, որ գաղտնի սպասարկութիւնը յաջողած է ձերբակալել Մոհամետ Պատրէտտին Քրոնպին, որ մաս կը կազմէ ՏԱՀԵՇ-ին, մասնակցած է Արսալի մէջ բանակին դէմ մղուած պատերազմին, փոխադրած է անձնասպանական գործողութեան հեղինակներ, ականած է ինքնաշարժներ եւ զանոնք փոխադրած դէպի լիբանանեան տարբեր շրջաններ, ինչպէս նաեւ հրթիռներ արձակած լիբանանեան կարգ մը շրջաններու վրայ` պատճառելով զոհեր, ըլլան անոնք քաղաքային...

Սարրաֆ Շարունակեց Քննարկել Աքքարի,  Պաալպէք-Հերմելի Եւ Հարաւային  Լիբանանի Կացութիւնը

Սարրաֆ Շարունակեց Քննարկել Աքքարի, Պաալպէք-Հերմելի Եւ Հարաւային Լիբանանի Կացութիւնը

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Աքքարի նահանգապետ Իմատ Լապաքին, Պաալպէք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըրը, ինչպէս նաեւ Հարաւային Լիբանանի նահանգապետ Մանսուր Տաուը, որոնց հետ քննարկեց երեք նահանգներուն կացութիւնը: Սարրաֆ դրուատեց վերոնշեալ երեք նահանգներուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ հեզասահ յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը` աւելցնելով, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր բոլոր կարողութիւնները նահանգներուն տրամադրութեան տակ կը դնէ` ապահովելու համար բոլորին շահերը: Իր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է ստանձնէ նաւթի պեղումներուն սկսելու պատասխանատուութիւնը: ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ Պաապտայի խորհրդակցական հանդիպումը ձախող փորձ մըն է: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ հաստատեց, որ ընտրական նոր օրէնքը նուաճում մըն է, որովհետեւ հիմնուած է համամասնական դրութեան վրայ: ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին կոչ ուղղեց...

Խորհրդակցական Հանդիպումը Մերժեց  Բնակեցումը Եւ Ոչ Լիբանանեան Որեւէ Խմբաւորումի  Հաստատումը Լիբանանեան Հողին Վրայ

Խորհրդակցական Հանդիպումը Մերժեց Բնակեցումը Եւ Ոչ Լիբանանեան Որեւէ Խմբաւորումի Հաստատումը Լիբանանեան Հողին Վրայ

Նախագահական պալատը երէկ հիւրընկալեց Լիբանանի կառավարութիւնը կազմող քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն խորհրդակցական հանդիպումը, որուն նախագահեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն` ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, Մարատա հոսանքի...

Պաապտայի Ժողովին.  Բագրատունի. «Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը  Մասնակից Էր Թաէֆի Ժողովին Եւ Ազգային  Համերաշխութեան Փաստաթուղթի Պատրաստութեան»

Պաապտայի Ժողովին. Բագրատունի. «Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Մասնակից Էր Թաէֆի Ժողովին Եւ Ազգային Համերաշխութեան Փաստաթուղթի Պատրաստութեան»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւէրով Պաապտայի մէջ գումարուած ժողովին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն. Ա.- Գնահատելի է հանրապետութեան նախագահի հրաւէրը այս ժողովի գումարման համար: Ժողով, որ անհրաժեշտ է հասնի այնպիսի վճռակամութեան, որ կարենայ պետութեան կառոյցները վերաշխուժացնել եւ ցարդ տրուած որոշումները իրականացնել: Մեր փափաքն է, որ տեւաբար կրկնուած կարգախօսները իրական գործի վերածուին: Բ.- Համաձայն...

Կիտանեան Ողջունեց «Վիզիթ Լեպանոն 2017»  Խորհրդաժողովին Արդիւնքը

Կիտանեան Ողջունեց «Վիզիթ Լեպանոն 2017» Խորհրդաժողովին Արդիւնքը

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան ողջունեց «Վիզիթ Լեպանոն» 2017 խորհրդաժողովին արձանագրած արդիւնքը` Լիբանանի զբօսաշրջութիւնը աշխարհին մէջ շուկայադրելու իմաստով: Ան նշեց, որ այս ամրան եւ յաջորդող տարիներուն համար կատարուած աշխատանքին արդիւնքները բաւական լաւ են: Միւս կողմէ, Ժունիէի մէջ տեղի ունեցած «Քեսրուան Ֆթուհի բարգաւաճման կլոր սեղան»-ին մասնակցութեան շրջագիծին մէջ, Ա. Կիտանեան ներկայացուց զբօսաշրջութեան նախարարութեան նոր ծրագիրը, որուն համաձայն, այս ամրան ընթացքին կիպրացի զբօսաշրջիկներուն...

Հանրապետութեան Հանդիպումը  Կոչ Կ՛ուղղէ Ընտրական Օրէնքը Վիճարկելու

Հանրապետութեան Հանդիպումը Կոչ Կ՛ուղղէ Ընտրական Օրէնքը Վիճարկելու

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Հանրապետութեան հանդիպումի նիստին, որուն ընթացքին դրուատեց կառավարութեան կողմէ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման յատուկ թղթածրարի նուազուրդի ստանձնումը: Ան հաստատեց, որ կենցաղային հարցերը բաւական ճնշիչ դարձած են` աւելցնելով, որ կարիքը կայ լիբանանեան պետութեան աշխատանքը թափանցիկութեամբ կատարելու: Հանրապետութեան հանդիպումը նշեց, որ իշխանութեան պետերուն եւ կառավարութեան մասնակցող քաղաքական ուժերուն միջեւ գործակցութիւնն ու խորհրդակցութիւնը...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք.  «Սուրիոյ Եւ Իրաքի Զարգացումները Իրենց  Դրական Ազդեցութիւնը Պիտի Ունենան Լիբանանի Վրայ»

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. «Սուրիոյ Եւ Իրաքի Զարգացումները Իրենց Դրական Ազդեցութիւնը Պիտի Ունենան Լիբանանի Վրայ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի նախագահութեամբ: Նիստէն ետք պլոքի անդամ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը կ՛ողջունէ խորհրդարանին կողմէ ընտրական նոր օրէնքի վաւերացումը` զայն նկատելով փրկարար քայլ մը, որ Լիբանանը պաշտպանած է անիշխանութենէ եւ զայն փոխադրած դէպի նոր փուլ, ուր քաղաքական բոլոր ուժերն ու հոսանքները կը մրցին` լիբանանցիներուն...

Սամի Ժեմայէլ. «Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը  Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն  Պիտի Մասնակցի, Ի՛նչ Ալ Ըլլայ Ընտրական Օրէնքը»

Սամի Ժեմայէլ. «Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցի, Ի՛նչ Ալ Ըլլայ Ընտրական Օրէնքը»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ Սըրսոքի պալատին մէջ կազմակերպուած իֆթարի մը ընթացքին յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի, ի՛նչ ալ ըլլայ ընտրական օրէնքը: «Վստահ ենք, որ լիբանանցիները օր մը պիտի ընդվզին իրենց ապրած իրականութեան դէմ, իսկ պահանջուածը այն է, որ ջանքերը մէկտեղուին, եւ ժողովուրդին գործակցութեան ձեռք երկարուի, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի համար աւելի լաւ ապագայ մը ապահովել»,...

ՄԱԿ-ի Զարգացման Ծրագիրը  Վազգէն Եարտըմեանը  Կը Նշանակէ Իբրեւ Լիբանանի Կենսոլորտի  Նախարարութեան Խորհրդատու

ՄԱԿ-ի Զարգացման Ծրագիրը Վազգէն Եարտըմեանը Կը Նշանակէ Իբրեւ Լիբանանի Կենսոլորտի Նախարարութեան Խորհրդատու

Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութիւնը կը յայտարարէ, որ ընկերակցութեան նախկին նախագահ եւ երկար տարիներու անդամ Վազգէն Եարտըմեան ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրին կողմէ նշանակուած է կարճ ժամանակի համար խորհուրդ տալու Լիբանանի կենսոլորտի նախարարութեան: Եարտըմեան բարձրաստիճան կենսոլորտային ճարտարագէտ է` աւելի քան 30 տարուան փորձառութեամբ, գիտութեան մագիստրոսի վկայականին արժանացած է Քալիֆորնիոյ պետական համալսարանէն: Ան նախապէս ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրին հետ աշխատած է իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան...

Page 729 of 987 1 … 728 729 730 … 987

Արխիւներ