Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց Լիբանանի յանձնառութիւնը լիբանանեան-չինական յարաբերութիւնները բոլոր մարզերուն մէջ ամրապնդելու իմաստով:
Ան գնահատեց Լիբանանի նկատմամբ Չինաստանի զօրակցութիւնը` յայտնելով, որ լիբանանեան շուկան ամէնէն աւելի չինական արտադրութիւններ կը ներածէ:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ լիբանանեան բանակին տրամադրուած չինական զինուորական օժանդակութիւններուն համար` հաստատելով, որ Լիբանան պատրաստ է բարգաւաճման մարզին մէջ Չինաստանի հետ յաւելեալ գործակցութիւն ծաւալելու:
Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին` նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան ուղղակիօրէն կ՛ազդուի Սուրիոյ տագնապին հետեւանքներէն` յոյս յայտնելով, որ կարելի ըլլայ այդ տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովել, որպէսզի Լիբանան նուազ վնասուի եւ սուրիացի տեղահանուածներուն չարչարանքը վերջ գտնէ:
Նախագահ Աուն հաստատեց բոլոր երկիրներուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով:
Նախագահ Աուն իր ողջոյնները փոխանցեց Չինաստանի նախագահին` մաղթելով, որ Լիբանանի եւ Չինաստանի միջեւ զբօսաշրջական թռիչքները կանոնաւոր կերպով ընթանան:
Իր կարգին, Եի նախագահ Աունին յանձնեց Չինաստանի նախագահ Զի Ճինփինկի նամակը, որուն մէջ ան շեշտած է Լիբանանն ու Չինաստանը իրարու միացնող բարեկամական կապերը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ դրուատած լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:
Եի ընդգծեց, որ Չինաստան կը զօրակցի Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ կայունութեան:
Ան նաեւ շեշտեց, որ Չինաստան պատրաստ է շարունակելու Լիբանանին կատարուած օժանդակութիւնները, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն ունեցած հետեւանքները:
Եի յայտնեց, որ Չինաստան համաձայն է Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում ապահովելու` աւելցնելով, որ Չինաստան պիտի շարունակէ զօրակցիլ ահաբեկչութեան դէմ բոլոր երկիրներուն մղած պայքարին:
Անդրադառնալով լիբանանեան-չինական տնտեսական յարաբերութիւններուն` Եի շեշտեց, որ Չինաստան ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ բարելաւելու տնտեսական յարաբերութիւնները եւ բարգաւաճման ծրագիրները:
Այն Թինէի Մէջ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց Եին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Պասիլի Մօտ
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց չինացի իր պաշտօնակիցը, որուն հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ մամլոյ միացեալ ասուլիս մը:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Պասիլ շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածները կրնան աստիճանաբար իրենց երկիրը վերադառնալ, նախքան Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումը:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի բնակչութեան կէսը տեղահանուածներ եւ գաղթականներ են` աւելցնելով, որ անկարելի է այդ կացութիւնը նոյն ձեւով շարունակել, որովհետեւ անիկա կը սպառնայ Լիբանանի գոյութեան, ապագային ու բարգաւաճման:
Պասիլ մաղթեց, որ Չինաստան հասկացողութիւն ցուցաբերէ օժանդակութիւններու կարիքը ունեցող Լիբանանի նկատմամբ` աւելցնելով, որ չինացի իր պաշտօնակիցին հետ քննարկած է տնտեսական մարզին մէջ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Իր կարգին, Եի նշեց, որ հակառակ Լիբանանի մէջ արձանագրուած փոփոխութիւններուն` երկկողմանի յարաբերութիւնները պիտի ամրապնդուին եւ Չինաստանը պիտի շարունակէ օժանդակել Լիբանանին` իր ապահովական կայունութիւնը եւ գերիշխանութիւնը պահպանելու առումով:
Եի յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տագնապը կարելի է լուծել Սուրիոյ մէջ անոնց համար ապահով շրջաններու ստեղծումով եւ անոնց տունդարձով:
Եի մաղթեց, որ Լիբանան շրջանին մէջ դառնայ քաղաքական տագնապներու լուծման տիպար մը:
 
			


