Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունէն, վարչապետ Սաատ Հարիրիէն, նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն, նախկին վարչապետներ Սելիմ Հըսէն, Ֆուատ Սինիորայէն, Նեժիպ Միքաթիէն եւ Թամմամ Սալամէն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքէն, շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանէն, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանէն, ալեւի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Մոհամետ Օսֆուրէն, ինչպէս նաեւ շարք մը նախարարներէ եւ երեսփոխաններէ:



