Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ այցելեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, Լիբանանի ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: