ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է ստանձնէ նաւթի պեղումներուն սկսելու պատասխանատուութիւնը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ Պաապտայի խորհրդակցական հանդիպումը ձախող փորձ մըն է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ հաստատեց, որ ընտրական նոր օրէնքը նուաճում մըն է, որովհետեւ հիմնուած է համամասնական դրութեան վրայ:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին կոչ ուղղեց կառավարութիւններուն եւ միջազգային խորհուրդներուն` սուրիացի գաղթականներուն հարցով զօրակցելու Լիբանանին:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ այցելեց երեք տարի առաջ նահատակուած զինուորական Ապտել Քերիմ Հատրաժի բնակարանը, ուր շեշտեց, որ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան պատճառով նահատակուած Հատրաժ Լիբանանի համար հպարտութիւն է:
Իպրահիմ հաստատեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը պիտի շարունակեն պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ եւ պաշտպանել Լիբանանը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարիի հետ. քննարկուեցաւ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական ընդհանուր իրավիճակը:
ԺՊԷՅԼԻ քաղաքապետ Զիատ Հաուաթ շեշտեց, որ Ժպէյլի մէջ իրականացած նուաճումները անկարելի էր իրականացնել առանց Ժպէյլը կազմող բոլոր ընկերութիւններուն, որոնք զիրար կ՛ամբողջացնեն: