Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, ընկերակցութեամբ իր զաւկին` Թայմուր Ժոմպլաթի եւ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ տագնապին վերաբերող հարցերը:
Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ աւելի ապահով վայրերու ստեղծումը պէտք է արժանանայ միջազգային ընդարձակ զօրակցութեան:
Ան նշեց, որ Լիբանան բարձր կը գնահատէ Սուրիոյ տագնապը քաղաքական միջոցներով լուծելու ռուսական ջանքերը:
«Սակայն ռուսական այս ճիգերը պիտի չամբողջանան եւ դրական աւարտ մը պիտի չունենան, եթէ Ռուսիոյ բոլոր գործընկերները համաձայն չգտնուին Սուրիոյ տագնապը քաղաքական կերպով լուծելու տարբերակին: Այդ պարագային շրջանին մէջ տագնապը պիտի շարունակուի եւ երկար տեւէ», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ նշեց նաեւ, որ Լիբանան, Յորդանան եւ Թուրքիա հասած սուրիացի տեղահանուածները կրնան վերադառնալ համեմատաբար աւելի ապահով սուրիական շրջանները` նկատել տալով, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը կը զօրակցի Ժընեւի նախաձեռնութեան եւ կը փափաքի, որ անիկա մնայ Սուրիոյ փոխանցման շրջանի հիմքը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումը ապահովել:
Իր կարգին, Լաւրով շեշտեց, որ բոլոր կողմերը կը փափաքին Սուրիոյ մէջ աւելի ապահով վայրեր ստեղծել` աւելցնելով, որ եթէ իսկապէս միջազգային զօրակցութիւն արձանագրուի եւ կարելի ըլլայ նման վայրերու գոյութիւնը ապահովել, ապա այդ մէկը զինադուլի համազօր պիտի նկատուի, եւ Սուրիոյ կառավարութեան ու ընդդիմութեան միջեւ կրակոցը պիտի կասեցուի: «Այդ պարագային բոլոր կողմերը իրենց ուժերը պիտի մէկտեղեն պայքարելու համար ահաբեկչութեան դէմ եւ վերացնելու ահաբեկչութեան վտանգը, որ կը սպառնայ նաեւ Լիբանանին», շեշտեց Լաւրով:
Ան յայտնեց, որ իր եւ Ժոմպլաթի միջեւ նման հանդիպում մը երկու տարի առաջ տեղի ունեցած է` շեշտելով, որ այս շրջանին Միջին Արեւելքի մէջ կացութիւնը շատ մը փոփոխութիւններ վկայած է, սակայն անիկա տակաւին կայունութենէ հեռու կը մնայ:
Լաւրով դրուատեց Լիբանանի մէջ արձանագրուած քաղաքական համաձայնութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի եղած է նախագահական ընտրութիւն կատարել եւ Սաատ Հարիրին վարչապետ նշանակել:
Ան գնահատեց դէպի կայունութիւն Լիբանանի ընթացքը:



