Ֆիթրի տօնին առիթով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շնորհաւորական հեռագիրներ եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ շարք մը անձնաւորութիւններէ, որոնց շարքին էին հանրապետութեան նախկին նախագահներ Ամին Ժեմայէլ եւ զօր. Միշել Սլէյման, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով նախարարներ, երեսփոխաններ, դիւանագիտական անձնաւորութիւններ, զինուորականներ եւ դատական իշխանութեան ներկայացուցիչներ:
Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ ինք աշխատավարձի նոր յաւելումները հին յաւելումներուն միախառնելու թղթածրարին պիտի չսպասէ` աւելցնելով, որ պետական պաշտօնեաներուն եւ զինուորականներուն աշխատավարձի յաւելումները պէտք է խորհրդարանին կողմէ անմիջապէս վաւերացուին:
Պըրրի հաւանական նկատեց, որ խորհրդարանը իր յաջորդ նիստը գումարէ 10-15 յուլիսին` նկատի ունենալով ճամբորդող երեսփոխաններուն վերադարձը:
Պըրրի յայտնեց, որ եթէ խորհրդարանական յանձնախումբերը պետական ամավարկի քննարկումը աւարտեն, ապա կարելի է նաեւ պետական ամավարկի կէտը աւելցնել խորհրդարանին քննարկելիք օրակարգին վրայ:
Անդրադառնալով ընտրական օրէնքին` Պըրրի շեշտեց, որ 11 ամիս ետք կատարուելիք ընտրութիւնները վստահաբար նոր ընտրական դաշինքներ պիտի ստեղծեն: «Համամասնական ընտրական օրէնքին անցնելու փուլը նոր տուեալներ պիտի պարտադրէ», շեշտեց Պըրրի: