Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. «Սուրիոյ Եւ Իրաքի Զարգացումները Իրենց Դրական Ազդեցութիւնը Պիտի Ունենան Լիբանանի Վրայ»

Յունիս 23, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի նախագահութեամբ:

Նիստէն ետք պլոքի անդամ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը կ՛ողջունէ խորհրդարանին կողմէ ընտրական նոր օրէնքի վաւերացումը` զայն նկատելով փրկարար քայլ մը, որ Լիբանանը պաշտպանած է անիշխանութենէ եւ զայն փոխադրած դէպի նոր փուլ, ուր քաղաքական բոլոր ուժերն ու հոսանքները կը մրցին` լիբանանցիներուն ձգտումները իրականացնելու համար:

Ֆատլալլա յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքը տեսակարար ոստում մը կը նկատուի Լիբանանի քաղաքական կեանքին եւ ներկայացուցչութիւնը ճշգրիտ դարձնելու հոլովոյթին մէջ:

«Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը բարձր կը գնահատէ հանրապետութեան նախագահին կողմէ խորհրդարանը արտակարգ նստաշրջանի մը հրաւիրելու քայլը եւ կոչ կ՛ուղղէ երեսփոխաններուն կառավարութեան աշխատանքներուն հսկելու, ինչպէս նաեւ շարք մը օրինագիծեր վաւերացնելու, յատկապէս աշխատավարձի յաւելումներու վերաբերող օրինագիծը», նշեց Ֆատլալլա:

Ան աւելցուց, որ ներքին քաղաքական մթնոլորտը կ՛ենթադրէ ամրապնդել նաեւ ապահովական կայունութիւնը` խստացնելով ոճրագործներուն, թմրեցուցիչի մաքսանենգներուն եւ պոռնկութիւն քաջալերողներուն հետապնդումը, ինչպէս նաեւ հակակշիռի տակ առնելով Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկիչները:

Ֆատլալլա յայտնեց, որ նիստին ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի զարգացումները` ահաբեկչութիւնը տապալելու իմաստով, իրենց դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենան Լիբանանի վրայ:

 

 

Նախորդը

Սամի Ժեմայէլ. «Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցի, Ի՛նչ Ալ Ըլլայ Ընտրական Օրէնքը»

Յաջորդը

Հանրապետութեան Հանդիպումը Կոչ Կ՛ուղղէ Ընտրական Օրէնքը Վիճարկելու

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?