Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Աքքարի նահանգապետ Իմատ Լապաքին, Պաալպէք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըրը, ինչպէս նաեւ Հարաւային Լիբանանի նահանգապետ Մանսուր Տաուը, որոնց հետ քննարկեց երեք նահանգներուն կացութիւնը:
Սարրաֆ դրուատեց վերոնշեալ երեք նահանգներուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ հեզասահ յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը` աւելցնելով, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր բոլոր կարողութիւնները նահանգներուն տրամադրութեան տակ կը դնէ` ապահովելու համար բոլորին շահերը:
Իր կարգին, Պաշիր Խտըր յայտնեց, որ ինք գոհ է Սարրաֆի կողմէ նախաձեռնուած ապահովական այն միջոցառումներուն համար, որոնք պիտի որդեգրուին Պաալպէքի մէջ: