Երուսաղէմի միջազգային օրուան առիթով` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ իմամ Խումէյնիի կողմէ ճշդուած` ռամատան ամսուան վերջին ուրբաթ օրուան զուգադիպող այս օրը ամէնէն սուրբ դատին նուիրուած է` աւելցնելով, որ ամբողջ մարդկութիւնը պատասխանատու է այդ դատին լուծման:
Ան նշեց, որ իմամ Խամենէի իր կարգին հաւատարիմ մնացած է Խումէյնիի ուղեգիծին եւ շարունակած քաջալերել Երուսաղէմի օրուան առիթով կազմակերպուած քայլարշաւներն ու ոգեկոչումները, որպէսզի արաբական եւ իսլամական աշխարհը առիթը ունենայ արտայայտել իր հաւատքն ու յանձնառութիւնը:
Ան նշեց, որ Երուսաղէմի միջազգային օրը այս տարի կը զուգադիպի սիոնականներուն կողմէ Երուսաղէմի բռնագրաւման յիսնամեակին` աւելցնելով, որ Միջին Արեւելքի երկիրներուն վրայ ազդեցութիւն ունեցող մեծ պետութիւններուն նպատակն է վերջ տալ Պաղեստինեան դատին եւ համաձայնութիւն գոյացնել արաբական եւ իսլամական երկիրներուն ու սիոնական գոյացութեան միջեւ:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ այդ պետութիւններուն նպատակն է նաեւ Սուրիոյ, Իրաքի, Եմէնի եւ Լիպիոյ պատերազմները ծառայեցնել Իսրայէլի շահերուն` վնաս հասցնելով պաղեստինցի ժողովուրդի շահերուն:
Անդրադառնալով Եմէնի պատերազմին` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իսրայէլեան օդուժը իր կարգին կը ռմբակոծէ Եմէնը: Այս շրջագիծին մէջ ան խստիւ դատապարտեց Սէուտական Արաբիան` զայն որակելով ահաբեկչութեան հիմնական հովանաւորը եւ Իսրայէլի հետ մեղսակից գլխաւոր երկիրը:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Իրանն ու Դիմադրութեան բոլոր շարժումները մնայուն կերպով պիտի զօրակցին Պաղեստինեան դատին:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Սուրիոյ վարչակարգը տապալելու վտանգը արդէն իսկ վերացած է` աւելցնելով, որ Մուսուլի մէջ ՏԱՀԵՇ-ը մօտիկ ապագային իր մահկանացուն պիտի կնքէ:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Լիբանանի եւ պաղեստինեան հողերուն մէջ Դիմադրութեան շարժումներուն գոյատեւումը մղած է, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Լիպըրման յայտնէ, թէ շրջանին մէջ համաձայնութեան չգոյանալուն հիմնական պատճառը այն է, որ 1967-էն ի վեր Իսրայէլ ոչ մէկ ճակատամարտ յաղթած է: «Լիպըրման կը յայտնէ, թէ իրենք պատերազմ յայտարարելու մտադիր չեն, ո՛չ աշնան, ո՛չ ամրան, ո՛չ ձմրան, ո՛չ հիւսիսի եւ ո՛չ ալ հարաւի մէջ: Թշնամի Իսրայէլի պատերազմի նախարարը լաւ գիտէ, թէ Կազայի կամ Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք պատերազմէն չի կրնար յաղթական դուրս գալ», շեշտեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ բոլորը պէտք է իմանան, որ Դիմադրութեան առանցքը բաւական հզօր է` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը կարողութիւն ունի Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք հաւանական պատերազմին գինը շատ սուղ վճարել տալու Իսրայէլին, եւ անիկա պէտք է լաւ իմանայ, որ Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք յաջորդ պատերազմը կրնայ պատճառ դառնալ, որ ամբողջ շրջանէն հարիւր հազարաւոր ժիհատականներ Դիմադրութեան կողքին կռուին: