Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Ժոզեֆ Աուն Կ՛այցելէ Պրիթելէն Արսալ Երկարող Արեւելեան Լեռնաշղթան

July 20, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ այցելեց Պրիթելէն Արսալ երկարող արեւելեան լեռնաշղթան` ստուգելով բանակին դիրքերը:

Թուֆէյլի եւ Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ գտնուող բանակին դիրքերը այցելութեան ընթացքին զօր. Աուն ընդգծեց, որ բանակը ապահովական բոլոր միջոցառումները որդեգրած է սահմանամերձ շրջաններուն գիւղերն ու գիւղաքաղաքները ահաբեկչութենէ պաշտպանելու նպատակով:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ բանակը ամէն գնով պիտի պաշտպանէ Լիբանանը` առանց լսելու մերթ ընդ մերթ հնչող այն յայտարարութիւնները, որոնք կ՛ուզեն խանգարել հայրենիքը եւ անոր կայունութիւնը պաշտպանելու բանակին սուրբ առաքելութիւնը:

Բանակի հրամանատարութիւնը տեղեկացուց նաեւ, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Արսալի մէջ կատարած է զինուորական գործողութիւն մը եւ ձերբակալած Ապտել Մալեք Քանաանը եւ Խտըր Աթրաշը:

Միւս կողմէ, Արսալի քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն գաղթակայանները Արսալի համար հարց են, իսկ բանակին համար` մղձաւանջ:

Հուժէյրի յայտնեց, որ Արսալ սիրով կը հիւրընկալէ խաղաղ տեղահանուածները, որոնք Արսալի հետ կը վարուին այնպէս, ինչպէս պիտի վարուէին իրենց գիւղաքաղաքներուն հետ:

«Տեղահանուածներուն ժամանումին եւ այդ տագնապին սկիզբէն ի վեր մենք սրտբաց հիւրընկալած ենք բոլորը, սակայն ո՛վ որ կ՛ուզէ Արսալի մէջ հարցեր ստեղծել, մեզի համար անբաղձալի տարր է եւ կը մերժենք հիւրընկալել զայն», ըսաւ Հուժէյրի:

Ան շեշտեց, որ Արսալ կը մերժէ բանակին դէմ զինեալներուն գոյութիւնը: Ան աւելցուց, թէ ապահովական աղբիւրներ հաստատած են, որ իրենք յանձնառու են Ուատի Հմայտի եւ Աժրամի միջեւ գտնուող 7-10 հազար տեղահանուածներուն անվտանգութեան:

Նշենք, որ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը, իր տեղեկութիւնները քաղելով լիբանանեան ապահովական աղբիւրներէ, հաղորդած է, որ Ժապհաթ Նուսրայի պատասխանատու Ապու Մալեք Թալլի պատրաստ է հեռանալու շրջանէն, եթէ իրեն արտօնուի 30 միլիոն տոլար գումարով մը մեկնիլ Թուրքիա:

«Մայատին» հաղորդեց նաեւ, որ Ապու Մալեք Թալլի, որ հաստատած է, թէ իր եւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ համաձայնութիւն մը կայ եւ կը սպառնայ Արսալի բարձունքներուն վրայ յաղթել, կրնայ անակնկալի դիմաց գտնուիլ, «որովհետեւ Արսալի բարձունքները ազատագրելու ճակատամարտին ընթացքին հոն գտնուող զինեալները երկու ընտրանքի դիմաց պիտի գտնուին` մահ կամ անձնատուր ըլլալ»:

 

 

Նախորդը

Ֆընիանոս Շեշտեց Թափանցիկ Նուազուրդներ Կատարելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Խորհրդարանն Ու Կառավարութիւնը Կը Դատապարտեն Պաղեստինցիներուն Դէմ Գործուած Իսրայէլեան Բռնարարքները

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.