Խորհրդարանը երէկ գումարեց օրէնսդրական զոյգ նիստեր` ցերեկային եւ գիշերային, որոնց ընթացքին վաւերացուեցան աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին բոլոր յօդուածները, ինչպէս նաեւ փոփոխութեան ենթարկուեցան պետական պաշտօնեաներու աշխատանքային ժամերը:
Գիշերուան ժամը 10:30-ին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նիստը աւարտած նկատեց` խորհրդարանը այլ նիստի մը հրաւիրելով այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-ին, որպէսզի շարունակուի օրէնսդրական նիստի օրակարգին մնացեալ կէտերուն քննարկումը, որոնց շարքին նաեւ աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու վերաբերող յօդուածին քննարկումը:
Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ խորհրդարանին արձանագրած այս նուաճումը հինգ տարուան աշխատանքի արդիւնք է:
Ան նշեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն կամքը` աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու իմաստով, յստակ էր, աւելցնելով, որ աշխատավարձի յաւելումներու վաւերացումին անմիջապէս պիտի յաջորդէ պետական ամավարկի վաւերացումը:
Պետական պաշտօնեաներու աշխատանքային ժամերու փոփոխութեան առումով որդեգրուեցաւ Պըրրիի առաջարկը, որուն հիման վրայ պետական պաշտօնեան շաբաթական դրութեամբ 35 ժամ պէտք է աշխատի: Այս առաջարկին լոյսին տակ, պետական պաշտօնեաներուն աշխատանքային ժամերը պիտի ըլլան հետեւեալ ձեւով. երկուշաբթիէն ուրբաթ օր` առաւօտեան ժամը 8:00-էն կէսօրէ ետք ժամը 3:30: Շաբաթ եւ կիրակի օրերը պետական հաստատութիւնները փակ պիտի մնան, իսկ ուրբաթ օրուան պարագային կէսօրուան երկու ժամերը պիտի յատկացուին նամազի:
Հանգստեան կոչուած բանակայիններուն եւ ապահովութեան ուժերուն իրաւունքները եւս վաւերացուեցան: Անոնց իրաւունքները պիտի վճարուին երեք տարիներու ընթացքին: Այդ իրաւունքներուն 45 առ հարիւրը 2017 եւ 2018 տարիներուն ընթացքին պիտի վճարուին, իսկ 85 առ հարիւրը` 2019-ին:
Նիստին ընթացքին վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պաշտպանելու համար լիբանանցիներն ու սուրիացի տեղահանուածները` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պատասխանատու է իր հողերուն գերիշխանութեան:
Հարիրի հաստատեց, որ բանակը ուսումնասիրուած գործողութիւն մը պիտի կատարէ Արսալի բարձունքներուն վրայ` աւելցնելով, թէ կառավարութիւնը կ՛արտօնէ, որ բանակը ազատ վարուի` այդ հարցը լուծելու իմաստով:
Անդրադառնալով երեք սուրիացի տեղահանուածներու մահուան շուրջ բանակին բացած հետաքննութեան` Հարիրի յայտնեց, որ այդ հետաքննութեան արդիւնքները պիտի ներկայացուին հանրութեան:
Անդրադառնալով աշխատավարձի յաւելումներուն` Հարիրի յայտնեց, որ յաւելումը իրաւունք է, սակայն պէտք է պահպանել պետութեան ելեւմուտքի հաւասարակշռութիւնը:
Հարիրի ընդգծեց, որ տուրքերուն գծով արձանագրուելիք անհամաձայնութիւնները կը նշանակեն աշխատավարձի յաւելումները արգելակել:
Հարիրի ընդգծեց յաւելումները ֆինանսաւորելու աղբիւրներ ապահովելու կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, Պըրրի յայտնեց, որ ժողովուրդին իրաւունքն է աշխատավարձի յաւելում ստանալ` աւելցնելով, որ այդ յաւելումները պէտք է վաւերացուին` նկատի ունենալով պետական գանձարկղին իրավիճակն ու ընդհանուր շահերը:
Պըրրի հաստատեց, որ պետական ամավարկի քննարկումը աւարտելէն 48 ժամ ետք խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ նիստի մը, որպէսզի վաւերացուի նաեւ պետական ամավարկը:
Նշենք, որ նիստին ընթացքին արձանագրուեցան շարք մը բանավէճեր, որոնցմէ առաջինը երեսփոխաններ Խալետ Տահերի եւ Էմիլ Ռահմէի միջեւ էր:
Բանավէճը արձանագրուեցաւ, երբ Տահեր պահանջեց պաշտօնանկ ընել պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆը` մերժելով բանակը միջամուխ դարձնել արտաքին ճակատամարտներու: Ռահմէ բարկութեամբ պատասխանեց անոր` հաստատելով, որ բանակը կը գտնուի վարչապետարանի հովանաւորութեան տակ:
Աւելի ուշ բանավէճ մը արձանագրուեցաւ նախարար Ալի Հասան Խալիլի եւ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի միջեւ: Սակայն անիկա աւարտեցաւ, երբ Պըրրի իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը կատարեց Խալիլի, Քանաանի եւ երեսփոխան Ժորժ Ատուանի միջեւ:
ՆՇԵՆՔ, որ Նահատակաց եւ Ռիատ Սոլհ հրապարակներուն վրայ մեծ թիւով սենտիքաներ, ուսուցիչներ, կուսակցութիւններու ուսանողական եւ երիտասարդական թեւեր, քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներ եւ հանգստեան կոչուած բանակայիններ ու ապահովութեան ուժեր ցոյցեր կատարեցին` պահանջելով վաւերացնել իրենց իրաւունքը նկատուող յաւելումները եւ մերժեցին յաւելեալ տուրքերու պարտադրումը: