Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա կարդաց նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը:
Ֆատլալլա յայտնեց, որ պլոքը անհրաժեշտ կը նկատէ լիբանանցիներուն վրայ պարտադրուած ապրուստի բեռին նուազեցումը, ինչպէս նաեւ պետական ամավարկին վաւերացումը, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ տալ արձանագրուած տնտեսական տեղքայլին:
«Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը ամէն ջանք ի գործ դրած է իրաւունքը իրաւատիրոջ սեփականութիւնը դարձնելու, ինչպէս նաեւ տուրքերու յաւելումները վաւերացնելու իմաստով», ըսաւ ան:
Ֆատլալլա կոչ ուղղեց վերսկսելու պետական հաստատութիւններու վարչական նշանակումներուն` հիմնուելով թեկնածուներու ատակութեան վրայ:
Ան նշեց, որ պլոքը կը դատապարտէ Իսրայէլի կողմէ գործադրուող բռնարարքներն ու ահաբեկչութիւնը` Աքսայի մզկիթին մէջ աղօթող քաղաքայիններուն դէմ:
Ֆատլալլա պլոքին անունով կոչ ուղղեց ազատութեան հաւատացող ժողովուրդներուն` պատասխանատու կեցուածք մը որդեգրելու Այսրյորդանանի մէջ կատարուած բռնագրաւումի ծրագիրներուն դէմ, միաժամանակ դատապարտելով այս իմաստով արաբ ժողովուրդին ցուցաբերած լռութիւնը: