Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխատավարձի Յաւելումներուն Կողքին Խորհրդարանը Վաւերացուց Նաեւ Անոնց Ֆինանսաւորման Միջոցները

July 20, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին օրէնսդրական երրորդ նիստով մը շարունակեց աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին քննարկումը, որ օր մը առաջ էր յանգած էր յաւելումները ֆինանսաւորելու ծրագիրին:

Այս առումով խորհրդարանը վաւերացուց նաեւ տուրքերու շարք մը, որոնք այդ յաւելումները ֆինանսաւորելու միջոցները պիտի ըլլան:

Խորհրդարանին որոշումով Յաւելուած արժէքի տուրքը բարձրացաւ 11 առ հարիւրի, ինչպէս նաեւ տուրքեր պարտադրուեցան դրոշմաթուղթերու եւ ոգելից ըմպելիներու վրայ:

Խորհրդարանը որոշեց Լիբանան այցելող ոչ լիբանանցի ճամբորդներու վրայ 5000 լ. ոսկիի տուրք պարտադրել:

Խորհրդարանը ջնջեց ճամբորդական զբօսաշրջական աստիճանին վրայ յաւելեալ տուրքերը, ջնջեց նաեւ ճամբորդական տոմսի տուրքերը` որոշելով տուրքերը պահել ներկայի արժէքով` 6000 լ. ոսկի:

Խորհրդարանը տուրքեր պարտադրեց դուրսէն Լիբանան ներածուած բեռնարկղերուն վրայ` հետեւեալ ձեւով. 6 մեթր բարձրութեամբ բեռնարկղի պարագային 80 հազար լ. ոսկի, իսկ 12 մեթր բարձրութեամբ բեռնարկղի պարագային 120 հազար լ. ոսկի:

Լիբանանցի ճամբորդներու պարագային վաւերացուած են հետեւեալ տուրքերը. զբօսաշրջական աստիճանի պարագային 60 հազար լ. ոսկի, գործարարներու պարագային 110 հազար լ. ոսկի, Ա. կարգի պարագային 150 հազար լ. ոսկի եւ սեփական օդանաւերու պարագային 400 հազար լ. ոսկի:

Խորհրդարանը վաւերացուց նաեւ տուրքեր ծովային կալուածներու հակաօրինական գործածութեան վերաբերեալ` չնչին բարեփոխումներով:

Ազգային վիճակահանութեան եւ անոր զանազան տեսակներուն, ինչպէս նաեւ աւելի քան 10 հազար լ. ոսկի արժող օտար վիճակահանութեանց պարագային խորհրդարանը վաւերացուց 20 առ հարիւր տուրք` շահած պարգեւներուն վրայ:

Կալուածներու գնահատման եւ եկամտահարկի տուրքերուն պարագային, խորհրդարանը որոշեց այդ տուրքերու համեմատութիւնը 10 առ հարիւր պահել, անձնական ընկերութիւններու եւ հաստատութիւններու պարագային:

Որեւէ կալուածի վաճառքի պարագային հաստատագիրի վրայ պարտադրուեցան 2 առ հարիւրի համեմատութեամբ տուրքեր:

17 առ հարիւրի համեմատութեամբ տուրք պարտադրուեցաւ նաեւ դրամատուներու եւ վարկատու ընկերութիւններու շահերուն վրայ:

Դրամատնային հաշիւներու տոկոսներուն վրայ պարտադրուած տուրքերը 5 առ հարիւրէն բարձրացան 7 առ հարիւրի:

Պըրրի խորհրդարանին համար օրէնսդրական այլ նիստ մը չճշդեց` նկատի ունենալով վարչապետ Սաատ Հարիրիի Միացեալ Նահանգներ կատարելիք պաշտօնական այցելութիւնը:

Պըրրի շեշտեց, որ օրէնսդրական յաջորդ նիստը պիտի որոշուի վարչապետին Ուաշինկթընէն վերադարձէն ետք:

Նշենք, որ խորհրդարանը վաւերացուց նաեւ 20-րդ յօդուածը, որուն համաձայն խորհրդարանին վաւերացուցած օրէնքները պետական պաշտօնաթերթով հրատարակուելէ անմիջապէս ետք գործադրութեան կը դրուին:

Այսպիսով, պետական պաշտօնեաներու, ուսուցիչներու եւ զինուորականներու աշխատավարձի յաւելումներու եւ անոնց ֆինանսաւորուման թղթածրարի քննարկումը վերջ գտաւ:

Նշենք, որ խորհրդարանի նիստէն ետք փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի առեւտրականները զգուշացուց սպառողական ապրանքներու, յատկապէս ուտեստեղէնի սակերը բարձրացնելէ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Նախընտրելի Էր Պետական Ամավարկը Վաւերացնելէ Ետք Աշխատավարձի Յաւելումները Վաւերացնել Եւ Ֆինանսաւորման Աղբիւրներ Ճշդել»

Յաջորդը

Ռուսիոյ Դաշնային Խորհուրդը Վաւերացուցած Է Հայաստանի Հետ Միացեալ Զօրախումբ Ստեղծելու Համաձայնագիրը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.