Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուար Սահիլին, որուն հետ քննարկեց Պաալպեք-Հերմելի մէջ Արդարութեան պալատ մը հիմնելու կարելիութիւնները: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահի արտաքին հարցերու խորհրդատու, Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Ապտալլա Պու Հապիպ շեշտեց, թէ ժամանակն է, որ ՄԱԿ սուրիացի տեղահանուածները վերադարձնէ իրենց երկիրը: Պու Հապիպ շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածները ցոյցեր կատարելու իրաւունք չունին: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ...



















