Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ուղղուեցաւ Պելճիքա, ուր նախագահեց Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութեան խորհուրդի Ը. ժողովին` ընկերակցութեամբ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ առեւտրական գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Քննարկուեցան նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առումով Եւրոպական Միութեան կողմէ Լիբանանի ներկայացուելիք թեքնիք օժանդակութեան կարելիութիւնները:
Նիստէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ շեշտեց Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու հարցին վերջնական լուծում մը գտնելու անհրաժեշտութիւնը:
Պասիլ ընդգծեց, որ վերջնական լուծումը պիտի ըլլայ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձի երաշխաւորումը:
Պասիլ յայտնեց, որ տեղահանուածներուն տունդարձը պէտք է կատարուի աստիճանաբար եւ երաշխաւորուի, թէ վերադարձողները ապահով շրջաններու մէջ կը գտնուին:
Պասիլ նշեց, որ Լիբանանի կողմէ սուրիացի տեղահանուածներուն գրկաբաց ընդունելութեան մասին գնահատանքները արժեւորուած են, սակայն Լիբանան յուսախաբութիւն կ՛ապրի, որովհետեւ տեղահանուածներուն հարցով գործակցութիւն չի ցուցաբերուիր, ընդհակառակն` մեծ թիւով երկիրներ կը խուսափին իրենց միջազգային պատասխանատուութիւնները ստանձնելէ, որովհետեւ Սուրիոյ տագնապը միջազգային տագնապ է:
Իր կարգին, Մոկերինի նշեց, որ նիստը եղած է բաւական շինիչ` բարձր գնահատելով Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը, կառավարութեան կազմութիւնն ու ընտրական նոր օրէնքի վաւերացումը, որուն հիման վրայ երեսփոխանական յաջորդ ընտրութիւնները պիտի կատարուին 2018-ի մայիսին:
Մոկերինի շեշտեց նաեւ, որ քննարկուած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու յատուկ ռազմավարութիւնները` աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը քաղաքական պիտի ըլլայ:
Նշենք, որ Պրիւքսէլի մէջ Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ պելճիքացի իր պաշտօնակիցին` Տիտիէ Ռէյնտըրզի հետ:
Պասիլ Ռէյնտըրզին յանձնեց նամակ մը, որուն մէջ պաշտօնապէս կը խնդրուէր, որ Պելճիքա եւ Լիբանան նախագահեն Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունենալիք նախարարական յաջորդ խորհրդաժողովը` քննարկելու համար Միջին Արեւելքի փոքրամասնութիւններուն դէմ գործուած հալածանքը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ տեղեկատուական պայքար մղելու կարեւորութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ Ռէյնտըրզին ներկայացուց ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին մղած պատերազմը եւ անոր արձանագրած ձեռքբերումները:



