Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Նախընտրելի Էր Պետական Ամավարկը Վաւերացնելէ Ետք Աշխատավարձի Յաւելումները Վաւերացնել Եւ Ֆինանսաւորման Աղբիւրներ Ճշդել»

Յուլիս 20, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Տնտեսական մարզի յատուկ լրագրողներու միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն հետ հանդիպումին շեշտեց, որ երկրին մէջ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի ելեւմտական կացութիւնը եւ տնտեսական իրավիճակը բարելաւելու` աշխուժացնելով լիբանանեան արդիւնաբերութիւնը եւ տեղական արտադրութիւնները վաճառելու յարմար շուկաներ ապահովելով:

Նախագահ Աուն նշեց, որ նախընտրելի էր պետական ամավարկը վաւերացնելէ ետք աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնել եւ ֆինանսաւորման աղբիւրներ ճշդել:

Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ յոյս կայ լիբանանեան պետութիւնը վերականգնելու եւ իրենց երկրին ու պետութեան նկատմամբ լիբանանցիներուն վստահութիւնը վերահաստատելու:

Նախագահ Աուն նշեց, որ լրագրողները ընդհանրապէս, իսկ տնտեսական մարզի լրագրողները յատկապէս պատասխանատուութիւն ունին, որովհետեւ անոնք իրենց գրութիւններով կ՛ազդեն հանրային կարծիքին եւ երկրին կայունութեան վրայ:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց անոնց որոնելու ճշմարտութիւնը եւ կառչած մնալու խօսքի ազատութեան, որ ճիշդ կերպով կը ներկայացնէ միտքերը` ծառայելու համար երկրին եւ անոր կայունութեան:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Ֆաթհի կեդրոնական խորհուրդի անդամ Ազզամ Ահմետը, որուն հետ քննարկեց պաղեստինեան իրադարձութիւնները:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան միշտ կը զօրակցի պաղեստինեան դատին, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի արաբականութեան եւ հոն գտնուող բոլոր սրբավայրերուն եւ սրբութիւններուն, ըլլան անոնք քրիստոնէական թէ իսլամական:

Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ, որ Լիբանան նեցուկ կը կանգնի պաղեստինեան իշխանութիւններուն` Միջին Արեւելքի մէջ արդար եւ ամբողջական խաղաղութիւն կերտելու համար անոնց ի գործ դրած ջանքերուն առումով:

Ահմետ նախագահ Աունին յանձնեց Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասէն նամակ մը, որուն մէջ ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Լիբանանին` պաղեստինցի գաղթականներուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած հոգատարութեան, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան դատին զօրակցելու համար:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան խաղաղութեան հոլովոյթը վերակենդանացնելու նպատակով ամերիկեան ճիգերը, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներուն մօտեցումները միասնականացնելու կարեւորութիւնը:

Ահմետ յայտնեց, որ Մահմուտ Ապպաս բարձր գնահատած է Աքսայի մզկիթին փակման իմաստով իսրայէլեան արարքները դատապարտող նախագահ Աունի կեցուածքները:

Նախագահ Աունի այցելեցին նաեւ նախկին նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մօտ Լիբանանի մնայուն դեսպան Խալիլ Քարամ:

 

 

Նախորդը

Պաղեստինցի Գաղթականներու Մարդահամարի Ծրագիրի Ստուգում

Յաջորդը

Աշխատավարձի Յաւելումներուն Կողքին Խորհրդարանը Վաւերացուց Նաեւ Անոնց Ֆինանսաւորման Միջոցները

RelatedPosts

Դատական Իշխանութիւնը Փուլ Կու Գա՞յ
Գլխաւոր լուրեր

Դատական Իշխանութիւնը Փուլ Կու Գա՞յ

Յունուար 27, 2023
Ֆրենժիէ Եւ Պասիլ Յաջորդաբար  Այցելեցին Ռայի Պատրիարքին
Լիբանանեան

Ֆրենժիէ Եւ Պասիլ Յաջորդաբար Այցելեցին Ռայի Պատրիարքին

Յունուար 27, 2023
Դեսպան Աթաբէկեան  Այցելեց Ժըպրան Պասիլի
Լիբանանեան

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Ժըպրան Պասիլի

Յունուար 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In