ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ «դրամի կէտերը» Լիբանանի խաղաղ ջուրերուն մէջ կը լողան: Պըրրի հաստատեց, որ աշխատավարձի յաւելումները ո՛չ միայն ժողովուրդին համար շահ են, այլեւ` պետական գանձարկղին:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ առանց լուրջ բարեկարգումներու եւ մսխումը զսպելու աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը աճապարել կը նշանակէ: Ան նշեց, որ լաւագոյն ձեւը պիտի ըլլար պետական ամավարկի վաւերացումը եւ ապա աշխատավարձի յաւելումներն ու անոնց ֆինանսաւորումը որոշելը, ինչպէս ըսած էր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան դրամատուներու նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ երկրին տարբեր մարզերը յուզող հարցերը:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ պարտադրուած տուրքերուն 90 տոկոսը մեծ ընկերութիւնները կը հարկադրէ` աւելցնելով, որ այդ քայլը ինքնին նուաճում մըն է:
ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի կոչ ուղղեց մշակելու Փտածութեան դէմ պայքարի գերագոյն խորհուրդ մը ստեղծելու օրէնքը:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու համար մսխումը կասեցնելն ու փտածութիւնը զսպելը առաջնահերթութիւն են:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ Ֆաթհի կեդրոնական խորհուրդի անդամ Ազզամ Ահմետի հետ: Քննարկուեցան պաղեստինեան ներկայ իրավիճակը յուզող հարցերը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումները տուրքերու միջոցով ֆինանսաւորելը պատմական սխալ մըն է: Ան զգուշացուց լիբանանեան թղթոսկիին արժեզրկումէն:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խորհրդատու Ալի Համտան շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումները պիտի վճարուին սեպտեմբեր ամսուան սկիզբը: Համտան հաստատեց, որ Պըրրի յանձնառու է տնտեսական կայունութեան պահպանումին: