Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ շեշտեց, որ Արսալի ճակատամարտը սկսած է այն օրէն, երբ բանակային մը զոհուած է Արսալի մէջ:
«Գերիշխանութեան ճակատամարտը տարիներէ ի վեր կը շարունակուի, եւ այս շրջագիծին մէջ իւրաքանչիւր բանակային եւ քաղաքացի պէտք է իմանայ, որ այդ ճակատամարտը պիտի չաւարտի, մինչեւ որ լիբանանցի ժողովուրդը յաղթէ», շեշտեց ան:
Սարրաֆ ընդգծեց, որ Լիբանանի դէմ ահաբեկչական արշաւը ծրագրուած է, այնպէս ինչպէս լիբանանեան բանակը թիրախ դարձնելու ահաբեկչութիւնները ծրագրուած են: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կը զատորոշէ ահաբեկչութեան եւ սուրիացի տեղահանուածներուն միջեւ:
«Պետութեան պարտականութիւնն է հսկել տեղահանուածներուն ապահովութեան, պայմանով որ անոնք յանձնառու մնան լիբանանեան օրէնքներուն գործադրութեան», ընդգծեց Սարրաֆ:
Միւս կողմէ, բանակին ի նպաստ ցոյց մը կազմակերպելու միտումներուն ակնարկելով, Սարրաֆ ըսաւ, որ բանակին զօրակցելու համար մարդիկ կրնան փողոց իջնել եւ վարդեր բաժնել` ամէնուրեք սէր եւ ժպիտ տարածելու համար:
«Մեր բանակը կարող է եւ արժանի է յարգանքի ու զօրակցութեան: Բանակը յարգուած է ու սիրուած նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն կողմէ», աւելցուց Սարրաֆ:
Բանակի Տօնին Առիթով Լսատեսողական Լրատուամիջոցներուն Կողմէ
Որդեգրուելիք Միացեալ Լրատուութեան Դրութեան Քննարկում
Տեղեկատուութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի, պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, Լիբանանի մէջ գործող պատկերասփիւռի կայաններուն տնօրէններն ու լուրերու բաժինի պատասխանատուները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Բանակի տօնին առիթով լսատեսողական լրատուամիջոցներուն կողմէ միացեալ լրատուութեան դրութիւն մը որդեգրելու կարելիութիւնները:
Նախարարներ Սարրաֆ եւ Ռիաշի յստակ դարձուցին, որ 1 օգոստոսը Բանակին օրն է, եւ խնդրեցին պատկերասփիւռի կայաններէն ներկայացնել այնպիսի լրատուութիւն, որուն ընդմէջէն բանակը եւ անոր անդամ իւրաքանչիւր զինուոր զգան, թէ իրենց նկատմամբ զօրակցութիւն կայ քաղաքացիներուն կողմէ: