Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Մուսուլի մէջ իրաքեան բանակին կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յայտարարուած յաղթանակը շատերու ուրախութիւն պատճառած է, սակայն ՏԱՀԵՇ-ի հետ հարցը շատ աւելի մեծ է եւ Մուսուլի մէջ չէ, որ սկսած է:
Ժահժահ շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պէտք է զինուորական եւ ապահովական պայքար մղել, որպէսզի ահաբեկչութեան քնացած բջիջներ չմնան: «Այդ բջիջները ապագային կրնան ամբողջ հանրութիւնը կործանել: Պէտք է ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումը կասեցնել, եւ որովհետեւ ՏԱՀԵՇ իրեն յատուկ աղբիւրներ չունի, ապա պէտք է անոր ֆինանսաւորումին վերջ մը դնել, որպէսզի անոր գոյութեան վերջ մը դրուի», ըսաւ ան:
Ժահժահ հաստատեց, որ ահաբեկչութեան հարցը լուծելու համար պէտք է նաեւ լուծել Սուրիոյ վարչակարգին տագնապը, որովհետեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճնշող վարչակարգին պատճառով է, որ սուրիացի ժողովուրդը կ՛ուղղուի դէպի ծայրայեղութիւն եւ ահաբեկչութիւն:
Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` Ժահժահ շեշտեց, թէ ժամանակն է արդէն, որ Լիբանանի կառավարութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններու հետ գործակցաբար աշխատի սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու ուղղութեամբ: