Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան Կը Զատորոշէ Ահաբեկիչներուն Եւ Քաղաքայիններուն Միջեւ, Կը Զօրակցի Սուրիոյ Տագնապին Քաղաքական Լուծման Եւ Տեղահանուածներու Տունդարձին» Շեշտեց Նախագահ Աուն

July 27, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պելճիքայի պետական նախարար Անտրէ Ֆլահոն, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու է երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ բոլոր մարզերուն մէջ գործակցութեան բարելաւման, յատկապէս նկատի ունենալով, որ երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ հասարակ յայտարարներ կան:

Նախագահ Աուն նշեց, որ բազմազանութիւնն ու Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան անդամակցութիւնը երկու երկիրները իւրայատուկ դարձնող հասարակ յայտարարներ են եւ տնտեսական, ընկերային ու մշակութային մարզերուն մէջ գործակցութիւնը անհրաժեշտութիւն կը դարձնեն:

Նախագահ Աուն ողջունեց աշնան Պելճիքայի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովը, որ յատկացուած պիտի ըլլայ Արեւելքի մէջ փոքրամասնութիւններու պահպանումին: Ան դրուատեց խորհրդաժողովը յաջողցնելու իմաստով Պելճիքայի ի գործ դրած ճիգերը:

Անդրադառնալով ներկայ իրադարձութիւններուն` նախագահ Աուն Լիբանանի տեսակէտը ներկայացուց պելճիքացի պետական պաշտօնատարին:

Ան հաստատեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը, ըլլայ ան ահաբեկչական քնացած բջիջները հետապնդելու, թէ սահմանները պաշտպանելու առումով:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն իրագործած կանխարգելիչ զինուորական գործողութիւնները դրական արդիւնքներ ունեցան` երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Պելճիքային միջազգային եւ շրջանային առումով Լիբանանին զօրակցելու, ինչպէս նաեւ Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմելու համար:

Ան նշեց, որ Լիբանան կը զօրակցի Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման եւ սուրիացի տեղահանուածներու ապահով տունդարձին:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ «Հիումըն ռայց ուոչ» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Քենեթ Ռութը, որ նախագահին ներկայացուց Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կազմակերպութեան տարած աշխատանքին արդիւնքները:

Նախագահ Աուն նշեց, որ Լիբանան կը զատորոշէ ահաբեկիչներուն եւ քաղաքայիններուն միջեւ` աւելցնելով, որ հակառակ տեղահանուածներուն տրամադրած իր օժանդակութիւններուն եւ ծառայութիւններուն, Լիբանան թոյլ վարուելակերպ չի ցուցաբերեր զինեալներուն նկատմամբ, որովհետեւ անոնք ահաբեկչական գործողութիւններու թիրախ կը դարձնեն քաղաքացիներն ու բանակայինները:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Երկրին Ազատագրումը Սահմանադրական Եւ Սուրբ Գործ Է»

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Արձանագրուած Յաղթանակը Զինուորական Հսկայ Նուաճում Մըն Է, Որ Պիտի Շարունակուի Հասնելով Իր Աւարտին»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.