Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Արձանագրուած Յաղթանակը Զինուորական Հսկայ Նուաճում Մըն Է, Որ Պիտի Շարունակուի Հասնելով Իր Աւարտին»

Յուլիս 27, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արսալի բարձունքներուն վրայ գրեթէ շաբաթ մը առաջ յայտարարուած ճակատամարտին մասին մանրամասնութիւններ փոխանցելու նպատակով, երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը:

Նախ եւ առաջ սէյիտ Նասրալլա ողջունեց պաղեստինցիները, որոնք ուղղուեցան ազատագրելու Աքսայի մզկիթը իսրայէլեան բռնութիւններէն:

Ապա ան շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը, որուն տօնը կը զուգադիպի 1 օգոստոսին: Ան նշեց, որ լիբանանեան բանակը գործակից է «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» ոսկեայ եւ ադամանդեայ տարազին, որուն շնորհիւ կարելի կը դառնայ երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումը:

Սէյիտ Նասրալլա շնորհաւորեց նաեւ սուրիական բանակը, որուն տօնը դարձեալ կը զուգադիպի 1 օգոստոսին:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ ամերիկացի պատասխանատուներուն պատասխանելու կարելիութեան ակնարկելով` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ ինքզինք զերծ պիտի կացուցէ պատասխանելէ` յարգելով եւ չուզելով նեղ կացութեան մատնել Ուաշինկթըն գտնուող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը:

Անդրադառնալով Դիմադրութեան դէմ ցեխարձակումներ կատարող յայտարարութիւններուն` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ կը նախընտրէ բոլորին ջիղերը հանգիստ պահել, որովետեւ մղուած ճակատամարտը մաղձ թափելու ճակատամարտ չէ, այլ` պատուական ճակատամարտ:

«Արսալի եւ Ֆլիթայի բարձունքները ազատագրելու նպատակը այդ հողերէն ահաբեկիչները դուրս բերել էր, որովհետեւ Ժապհաթ Նուսրա վտանգ կը սպառնար Լիբանանի եւ Սուրիոյ: Հոն է, որ կը պատրաստուէին ականուած ինքնաշարժներն ու գօտիները, որոնք կ՛օգտագործուէին ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու Լիբանանի եւ Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

«Ինչո՞ւ հիմա պէտք էր այս ճակատամարտը յայտարարել» հարցումին պատասխանելով` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ այդ ճակատամարտը 2015-էն ի վեր յետաձգուած է, եւ հիմնական հարցումը պէտք է ըլլայ «Ինչո՞ւ յետաձգուած է» եւ ոչ թէ «Ինչո՞ւ հիմա»:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ Հըզպալլա որոշած է ճակատամարտին զերօ ժամը եւ համադրումը կատարած լիբանանեան եւ սուրիական պետութիւններուն հետ: «Անցեալ ձմեռ արդէն իսկ ծրագրած էինք ճակատամարտը յայտարարել, գարնան գումակային պատրաստութիւնները աւարտեցան, եւ անոնց լոյսին տակ որոշեցինք ռամատանէն ետք սկսիլ ճակատամարտը: Այս իմաստով արտաքին ոչ մէկ տուեալ կարելի է փնտռել, եւ մեկնաբանները, յատկապէս զինուորականները կրնան հաստատել, որ այդ ճակատամարտին պատրաստութիւնը կը կարօտի ամիսներու: Աշխարհագրական իմաստով ազատագրուելիք շրջանը 100 քառ. քմ լեռնային տարածք է, ուր զինուորական իմաստով կռուիլը ամէնէն դժուարն է` նկատի ունենալով, որ խուժումները արգիլող բնական թումբեր կան: Բայց եւ այնպէս Դիմադրութեան մարտիկները կառչած մնացին մշակուած ծրագիրին եւ բարձր ոգիով, բարոյական բարձր տրամադրութեամբ, կատակելով ու խանդավառութեամբ յաղթանակ կերտեցին: Արսալի բարձունքներուն վրայ արձանագրուած յաղթանակը զինուորական հսկայ նուաճում մըն է, որ 48 ժամուան ընթացքին կարելի եղաւ իրականացնել եւ անիկա պիտի շարունակուի` հասնելով իր աւարտին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ ճակատամարտէն իրենք նուազագոյն վնասներով դուրս եկած են:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Ֆլիթայի բարձունքներուն վրայ իրենք կռուած են սուրիական բանակին կողքին, իսկ Արսալի բարձունքներուն պարագային` լիբանանեան բանակին, որ ապահոված է ամբողջ սահմանին կայունութիւնը եւ արգիլած դէպի Արսալ ներթափանցումի ամէն փորձ: «Աւելի՛ն. բանակն է պաշտպանեց Արսալն ու տեղահանուածներուն գաղթակայանները` անոնց տրամադրելով ապահովութիւն», նշեց սէյիտ Նասրալլա:

Անդրադառնալով Սարայա ահըլ շամ խմբաւորումին` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց, որ անոնք ճակատամարտին առաջին օրը կռուած են Դիմադրութեան դէմ, սակայն երկրորդ օրը արդէն իսկ որոշած են համաձայնիլ եւ բանակցութիւններուն ընթացքին համաձայնած են ուղղուիլ Հմայտ հովիտ եւ Մալահի` միանալու իրենց ընտանիքներուն:

«Մենք խոստացած ենք անոնց Սուրիա վերադարձը ապահովել, անշուշտ լիբանանեան եւ սուրիական պետութիւններուն հետ համադրաբար: Դիմադրութիւնը իր խոստումին յանձնառու կը մնայ», աւելցուց ան:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ համաձայնաբար զէնքերը վար դնելու նման առաջարկ ներկայացուած է նաեւ Ժապհաթ Նուսրային, որ մերժած է եւ նախընտրած կռուիլ: «Սակայն այդ առաջարկը տակաւին առկայ է, եւ Ժապհաթ Նուսրա կրնայ բանակցութիւններու ընդմէջէն ինքզինք փրկել, որովհետեւ անոր մնացորդացը  ներկայիս նեղ օղակի մը մէջ` Հմայտ հովիտին եւ Մալահիի մէջ շրջափակուած է` երեք կողմերէ. Դիմադրութեան մարտիկներուն, լիբանանեան բանակին եւ երրորդը` ՏԱՀԵՇ-ի, որ նախքան իր շրջանին դռները բանալը կը պարտադրէ անոր հրապարակաւ ընդունիլ ՏԱՀԵՇ-ի ենթակայութիւնը, որ վարկաբեկիչ է Նուսրայի համար», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենք պատրաստ են իրենց ազատագրած բոլոր տարածքները վաղն իսկ յանձնելու բանակին` յոյս յայտնելով, որ բանակը կը ստանձնէ այդ հողերը պաշտպանելու պատասխանատուութիւնը եւ արսալցին դարձեալ կ՛ուղղուի իր բարձունքները` մշակելու համար իր հողն ու գործելու իր քարահանքերուն մէջ:

Անդրադառնալով ճակատամարտի աւարտին` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Դիմադրութեան կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնը, թէ ճակատամարտը աւարտելու սեմին կը գտնուի, պէտք չէ ժամերու եւ վայրկեաններու տեւողութեամբ մեկնաբանել` աւելցնելով, որ իրենք աճապարուած չեն:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Ժապհաթ Նուսրայի հետ բանակցութիւնները կը վարէ լիբանանեան պաշտօնական կողմ մը, «սակայն իբրեւ ճակատամարտը մղող կողմ պարզապէս կ՛ուզենք յիշեցնել Իտլիպի Ժապհաթ Նուսրային, թէ իրենք պայմաններ պարտադրելու կարգավիճակին մէջ չեն, որովհետեւ բաւական ծանր պարտութիւն կրած են», նշեց սէյիտ Նասրալլա:

Ան Արսալի բարձունքներուն յաղթանակը նուիրեց լիբանանցիներուն եւ շրջանին մէջ գտնուող բոլոր այն ժողովուրդներուն, որոնք ահաբեկչութեան ենթակայ են: «Այս յաղթանակը կը նուիրենք բոլոր քրիստոնեաներուն` իրենց բոլոր յարանուանութիւններով, ինչպէս նաեւ բոլոր իսլամներուն, յատկապէս` սիւննի համայնքին, որ ամէնէն աւելի տուժեց հաւատադրժողական ահաբեկչութենէն», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Քաայի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ճակատամարտը սկսելու մասին ուղղուող հարցումներուն` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ Արսալի ճակատամարտի աւարտէն ետք կարելի է խօսիլ այդ մասին:

Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքը աւարտեց նշելով, որ Դիմադրութեան նկատմամբ ժողովրդային եւ քաղաքական զօրակցութիւնը նկատառելի էր, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այդ կեցուածքներուն համար:

Ան իր խօսքը եզրափակեց ոգեկոչելով նահատակներուն յիշատակը եւ գովերգելով Դիմադրութեան մարտիկներուն ու անոնց ընտանիքներուն քաջութիւնը:

Նշենք, որ սէյիտ Նասրալլայի խօսքէն ետք կարգ մը շրջաններու մէջ, ինչպէս Պաալպեքի, Ժիպէյլի եւ Հարաւային արուարձաններուն մէջ տեղի ունեցան ժողովրդային տօնախմբութիւններ եւ հրավառութիւն:

 

 

Նախորդը

«Լիբանան Կը Զատորոշէ Ահաբեկիչներուն Եւ Քաղաքայիններուն Միջեւ, Կը Զօրակցի Սուրիոյ Տագնապին Քաղաքական Լուծման Եւ Տեղահանուածներու Տունդարձին» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Դիմադրութիւնը Ազատագրեց Արսալի Բարձունքներուն 93 Առ Հարիւրը, Իսկ Մնացեալ 7 Տոկոսին Ազատագրումը Լիբանանեան Բանակին Պատասխանատուութիւնն Է

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?