Վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ անոր ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը երէկ Քափիթըլ Հիլի մէջ հանդիպում մը ունեցան Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Փոլ Ռայընի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Հարիրի շեշտեց, որ իրենց պարտականութիւնն է Լիբանանը պաշտպանել պատժամիջոցներէ:
Ան նշեց, որ Հըզպալլա կը գտնուի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ, սակայն մենք պէտք է պաշտպանենք դրամատուներն ու լիբանանցիները եւ անոնց դրամատնային հաշիւները, որովհետեւ պատժամիջոցները ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենան Լիբանանի տնտեսութեան վրայ:
Անդրադառնալով Արսալի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն` Հարիրի մաղթեց, որ զինուորական գործողութիւնները վերջ գտնեն` շեշտելով, որ ոչ ոք կ՛ուզէ, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ ահաբեկչութիւնը շարունակէ բոյն դնել, «իսկ ամէնէն լաւ ձեւը պիտի ըլլայ զինեալներուն տունդարձը: Լիբանանեան հաստատութիւններուն ու լիբանանցիներուն ապահովութիւնը պէտք է երաշխաւորել, իսկ լիբանանեան բանակին կատարուելիք օժանդակութիւնները շարունակել` նկատի ունենալով ահաբեկչութեան դէմ պայքարին իմաստով այդ զէնքերուն ունեցած ազդեցութիւնը», ըսաւ Հարիրի:
Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ քոնկրեսական Տարիլ Իսայի հետ:
Հանդիպումէն ետք Իսա յայտնեց, որ ամերիկեան պատժամիջոցներուն նպատակն է արգիլել ահաբեկչութեան նպատակով գումարներուն օգտագործումը:
Հարիրի շեշտեց, որ ամերիկացի պաշտօնատարներուն հետ իր ունեցած հանդիպումները եղած են դրական եւ կարեւոր` լիբանանցիներուն եւ դրամատուներուն համար: