Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ նախագահեց սահմաններու հսկողութեան ամերիկեան եւ բրիտանական զինուորական օժանդակութիւններուն հսկող բանակի գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին ամերիկեան եւ բրիտանական իշխանութիւններուն շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ բանակին իրենց ներկայացուցած օժանդակութիւններուն համար:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին մղած պատերազմը ահաբեկչութեան դէմ մղուած միջազգային արշաւին մաս կը կազմէ եւ չի սահմանափակուիր միայն Լիբանանը պաշտպանելու կարեւորութեամբ:
Միւս կողմէ, զօր. Աուն ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց արեւելեան լեռնաշղթային վրայ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ երկու կառոյցներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը` արձանագրուած վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ:
Զօր. Աունի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի ներկայացուցիչ Ճոն Ռեթ: Քննարկուեցան լիբանանեան, ամերիկեան եւ բրիտանական բանակներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները: