ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ Հըզպալլայի մղած մարտերուն հետ խնդիր ունեցողը կրնար անձամբ ուղղուիլ այդ բարձունքները եւ պատերազմիլ ահաբեկչութեան դէմ:
ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ Հըզպալլա չ՛արտօներ, որ Քուսէյրէն տեղահանուածները վերադառնան իրենց շրջանները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ Արսալի ճակատամարտը յաջողած է եւ անիկա հայրենիքի շահերուն կը ծառայէ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ շնորհաւորեց բանակն ու Դիմադրութիւնը` Արսալի բարձունքներուն մէջ անոնց արձանագրած յաղթանակին առիթով:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն նախկին նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը հրատապ քննարկումի կարիքը ունեցող թղթածրար մը չի նկատուիր:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ ապօրինի զէնքը, ինչքա՛ն ալ հզօր եւ քանակով շատ ըլլայ, կը մնայ դիւրաբեկ:
ՆԱԽԿԻՆ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին յաղթանակները պսակուին առեւանգուած բանակայիններու տունդարձով:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան առանցքը անկարելի է, որ շարունակէ գոյատեւել: Ան աւելցուց, որ այդ էմիրութիւնը Լիբանանի սահմաններէն պիտի ջնջուի: Ան նաեւ ընդգծեց, որ Արսալի բարձունքներու ճակատամարտին ընթացքին «Բանակ, Ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազը մնայուն ներկայութիւն էր:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ հզօր պետութիւն մը կարելի պիտի չըլլայ կերտել, այնքան ատեն որ գոյութիւն ունին զինեալ խմբաւորումներ, որոնք ապօրինի կերպով կը գործեն:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը միջնորդած է` բարելաւելու համար Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ յարաբերութիւնները: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Ռաս Պաալպեքի մէջ ահաբեկչութեան մաքրագործումը մօտալուտ է եւ այդ գործողութիւններուն տեւողութիւնը աւելի արագ պիտի ըլլայ, քան նախորդը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ ՏԱՀԵՇ-ի գոյութեան պէտք է վերջ տալ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան պետութեան եւ Ժապհաթ Նուսրայի միջեւ բանակցութիւնները կը կատարուին Մուսթաֆա Հուժէյրիի (Ապու Թաքիէ) միջոցով եւ ոչ թէ Քաթարի:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներու եւ շուրջ 40 հազար տեղահանուածներու Հմայտ հովիտէն հեռացումը պիտի կատարուի յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին: