Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթընի Մէջ. Հարիրի Կը Հաստատէ Դրամատնային Մարզին Կայունութեան Կարեւորութիւնը

July 29, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ անոր ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը երէկ Քափիթըլ Հիլի մէջ հանդիպում մը ունեցան Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Պոպ Քորքըրի եւ ծերակուտական Պեն Քարտընի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հարիրի հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ քոնկրեսականներ Նենսի Փելոսիի, Էտ Ռոսի, Քեվըն Մքքարթիի եւ Լիզ Չէյնիի հետ:

Վարչապետ Հարիրի այցելեց Միջազգային դրամական ֆոնտի կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ֆոնտի նախագահ Քրիսթին Լակարտի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, Միացեալ Նահանգներու մէջ լիբանանեան դեսպանատան գործավար Քարլա Ժազզար, Հարիրիի խորհրդատու Նատիմ Մունլա եւ Ֆոնտի բարձրաստիճան պատասխանատուներ:

Հարիրի ընդգծեց Լիբանանի մէջ դրամատնային մարզին կայունութեան կարեւորութիւնը` դիտել տալով, որ ամերիկեան Քոնկրեսին հրապարակելիք օրէնքները, որոնք պիտի գործադրուին Միջազգային դրամական ֆոնտին կողմէ, կրնան իրենց հետեւանքները ունենալ լիբանանեան դրամատնային մարզին վրայ:

Հարիրի անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի տնտեսութեան վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն ունեցած ազդեցութեան` Միջազգային դրամական ֆոնտէն պահանջելով ուսումնասիրութիւն մը կատարել լիբանանեան պետական գանձարկղին վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն ունեցած ժխտական ազդեցութեան մասին:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Արաբ Խորհրդարանականներու Խորհրդաժողովին Լիբանան Կը Հաստատէ Պաղեստինեան Միասնականութեան Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.