Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Հանդիպումներ Ունեցաւ Մաուրերի Եւ Ապուլ Ղէյթի Հետ

September 20, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Նիւ Եորքի մէջ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, որոնց կարգին Միջազգային Կարմիր Խաչի նախագահ Փիթըր Մաուրերի եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի հետ:

Մաուրերի հետ տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցաւ Միջազգային Կարմիր Խաչի գործունէութիւնը ընդհանրապէս եւ Լիբանանի մէջ` մասնաւորաբար:

Մաուրեր անդրադարձաւ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն տրամադրուած օժանդակութիւններուն:

Այս շրջագիծին մէջ Մաուրեր շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին, որ մեծ թիւով սուրիացի տեղահանուածներ կը հիւրընկալէ` աւելցնելով, որ Միջազգային Կարմիր Խաչը պատրաստակամ է յաւելեալ օժանդակութիւններ մատուցելու Լիբանանին` ամրապնդելով երկկողմանի գործակցութիւնը:

Իր կարգին նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Մաուրերի` ընդգծելով Միջազգային Կարմիր Խաչին հետ Լիբանանի գործակցութեան կարեւորութիւնը: Միւս կողմէ, ան հաստատեց սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձի անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ սուրիական կարգ մը շրջաններ սկսած են ապահովական կայունութիւն վայելել:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն յատկացուած միջազգային օժանդակութիւնները ուղղակի անոնց կը տրամադրուին եւ ոչ Լիբանանի կառավարութեան, որ կքած է հսկայ բեռի տակ`  տեղահանուածներուն պարտադրած տնտեսական եւ ելեւմտական ճնշումներուն:

Նախագահ Աուն Մաուրերէն պահանջեց նաեւ ամէն ջանք ի գործ դնել բացայայտելու համար առեւանգուած առաջնորդներ Եուհաննա Իպրահիմի եւ Պուլոս Եազիժիի, ինչպէս նաեւ լիբանանցի քամերամեն Սամիր Քասսապի ճակատագիրը:

Անդրադառնալով լիբանանեան պատերազմին ընթացքին առեւանգուած քաղաքացիներու փնտռտուքին` նախագահ Աուն ողջունեց այն, որ Միջազգային Կարմիր Խաչը «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութիւն կատարելու նպատակով տուեալներ հաւաքած է անյայտ կորսուածներու ընտանիքներէն:

Նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ արաբական միացեալ հարցերու լուծման գծով նախագահ Աունի պատկերացումն ու առաջարկները:

Ապուլ Ղէյթ նախագահ Աունի փոխանցեց, թէ Արաբական լիկան կը զօրակցի Լիբանանը քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան կեդրոնի վերածելու առաջարկին եւ այդ ուղղութեամբ գործնական քայլերու պիտի դիմէ:

Նշենք, որ նախագահ Աուն հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի եւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ:

 

Նախորդը

Հիուսթընի Մէջ. «Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Յառաջաձգումը Կը Հարուածէ Ընտրական Բարեկարգումներու Կարելիութիւնը» Շեշտեց Պասիլ

Յաջորդը

Խորհրդարանը Երէկ Վաւերացուց Շարք Մը Օրէնքներ, Որոնցմէ Են Նաւթի Մարզին Եւ Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Ուժերուն Վերաբերողները

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.