Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ անցեալ շաբաթավերջին մեկնեցաւ Քանատա եւ ապա Միացեալ Նահանգներ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ արտերկրի լիբանանցիներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Մոնրէալի մէջ Պասիլ կոչ ուղղեց արտերկրի լիբանանցիներուն իրենց անունները արձանագրելու եւ ընտրելու իրենց ներկայացուցիչները` Լիբանանի խորհրդարանին մէջ:
Ան կոչ ուղղեց բոլորին մասնակցելու Լիբանանի ճակատագիրը որոշելու առաքելութեան:
Ան շեշտեց, որ արտերկրի լիբանանցիին առաջին անգամ ըլլալով առիթ տրուած է պահելու իր գոյացութիւնը` ստանալով քաղաքացիութեան իրաւունք:
Աթլանթայի մէջ Պասիլ ներկայ գտնուեցաւ Մար Եուսեֆ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին, ապա ան Ուաշինկթընի մէջ ապրող լիբանանցիներու ներկայացուցիչներուն հետ ունեցաւ հանդիպում մը:
Իր արտասանած խօսքին մէջ Պասիլ քաջալերեց բոլորը ստանալու լիբանանեան քաղաքացիութիւն: «Լիբանան կրցաւ տոկալ եւ դիմադրել ահաբեկչութեան, սուրիացի տեղահանուածներուն պատճառած տագնապներուն, ինչպէս նաեւ պահպանեց իր ազգային միասնականութիւնը», ընդգծեց Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը:
Արիզոնայի մէջ Պասիլ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն վերստանձնելու իրենց ինքնութիւնը, որ լիբանանեան իրենց պատկանելիութեան խորհրդանիշն է:
«Նկատի ունենալով կառավարութեան այն որոշումը, թէ արտերկրի լիբանանցիները կրնան ելեկտրոնային քուէարկութեան միջոցով մասնակցիլ ընտրութիւններուն, մենք կը փափաքինք, որ ձեր մասնակցութիւնը բերէք Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որպէսզի Լիբանանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ձեր ներդրումը ունենաք երկրին ազգային որոշումներուն մէջ», ըսաւ Պասիլ:
Ան նշեց, որ Լիբանան մեծ թիւով դժուարութիւններ ու տագնապներ կը դիմագրաւէ, եւ այժմ առիթը ներկայացած է հաշուետուութեան կանչելու պետութիւնը` ջուրի եւ ելեկտրականութեան ապահովումին մէջ անոր արձանագրած թերացումներուն իմաստով:
«Թէեւ Լիբանան փոքր երկիր է, սակայն անկարելի է զայն տապալել, յատկապէս երբ ան Իսրայէլի եւ ահաբեկչութեան դէմ յաղթանակ արձանագրած է: Լիբանան խաղաղութիւն եւ խաղաղ կեանք կը տենչայ», ըսաւ ան:


