Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 20, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի նահանգապետ, դատախազ Ռամզի Նոհրա ողջունեց նախարարաց խորհուրդի նիստերը երկրին տարբեր շրջաններուն մէջ գումարելու որոշումը, որուն շուրջ համաձայնած էին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի: Ան հաստատեց, որ Թրիփոլիի սերայը պատրաստ է հինգշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2017-ին կառավարութեան նիստը հիւրընկալելու:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ Մսայթպէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի բարձր գնահատեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու առաջարկը` աւելցնելով, որ անիկա կը դրսեւորէ խորհրդարանական կեանքը առողջ պահելու եւ վերանորոգելու Պըրրիի յանձնառութիւնը:

ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՈՒՄԻ պետական նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու իմաստով արդարացուցիչ ոչ մէկ պատճառ կայ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ յարաբերութիւններու հաւասարակշռութիւնը բացթողումներէ կը տառապի` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւնները վերադարձնել նախկին դրութեան, այլ խօսքով` Լիբանանը դնել սուրիական պետութեան հոգատարութեան ներքեւ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու, երբ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնէ, թէ պատրաստ է կազմակերպելու այդ ընտրութիւնները:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ շեշտեց, որ Լիբանանը շրջանային տագնապէն զերծ կացուցելու պաշտօնական կեցուածքը յայտարարուած վատագոյն կեցուածքներէն մէկն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արագացումը ոչ մէկ բարեկարգում կրնայ ապահովել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակն ու Դիմադրութիւնը կրցած են յաղթել ահաբեկչութեան:

ՇԻԻ համայնքի գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան հաստատեց, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը անհրաժեշտ է շրջանին դիմագրաւած նման պայմաններուն ընթացքին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են երեսփոխանական յաջորդ ընտրութիւններուն` աւելցնելով, որ իրենց նպատակը այն է, որ այդ ընտրութիւններուն մասնակցին կարելի եղածին չափ մեծ թիւով քաղաքացիներ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր մաղթեց, որ զինք այլեւս իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգած երեսփոխան չկոչեն` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու սկզբունքը մերժելի է: Ան հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահութիւնը ստանձնելու իմաստով Նեպիհ Պըրրի կը մնայ անմրցակից:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ իրենք համաձայն են կանխահաս ընտրութիւններ կատարելու` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դեսպանատուներուն արձակած զգուշացումները անընդունելի են:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն Այն Հելուէ պաղեստինեան գաղթակայանին շրջակայքը ապահովական խիստ  միջոցառումներ որդեգրելու պատճառը ահաբեկիչ Շատի Մաուլաուիի փախուստի հաւանականութեան մասին լուրերն են:

 

 

Նախորդը

«Քիւրտիստանի Հանրաքուէն Եւ Շրջանին Մէջ Սահմաններու Փոփոխութիւնը Երկու Վտանգաւոր Հարցեր Են» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Յաջորդը

Միշել Սլէյման. «Լիբանան Պիտի Չբարգաւաճի, Եթէ Զէնք Կրելու Իրաւասութիւնը Միայն Լիբանանեան Պետութեան Սեփականութիւնը Չդառնայ»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.