Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 18, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն վեց ամիս առաջ մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւն կատարելը պայման չէ, սակայն եթէ ներքին գործոց նախարարութիւնը մասնակի երեսփոխանական ընտրութեան հրաւիրէ, ապա այդ ընտրութիւնը թող կատարուի:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղազի Զաայթեր հաստատեց, որ հաւասարակշռուած բարգաւաճումը լիբանանեան պետութեան կայունութիւնը ապահովող հիմնական անհրաժեշտութիւն է եւ միջոց:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Այուպ Հըմայէտ շեշտեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք պէտք է ի գործ դնէ կազմակերպելու համար յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւնները, որպէսզի դարձեալ սահմանադրական խախտում մը չկրկնուի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի ըսաւ. «Մեծամտութիւնն ու զայրոյթը ինչքան ալ մեծ ըլլան, ճշմարտութիւնը այն է, որ Դիմադրութիւնը յաղթեց, եւ ոչ ոք կրնայ այդ ճշմարտութիւնը նենգափոխել»:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու ընտրանքին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի շեշտեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ Դիմադրութիւնը եւ լիբանանեան բանակը միասնաբար կռուեցան ու յաղթեցին ահաբեկչութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս շեշտեց, որ Լիբանան հզօր է իր ժողովուրդով, բանակով եւ Դիմադրութեամբ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ «Բարձունքներու արշալոյսը» զինուորական գործողութենէն ետք իսրայէլեան բանակին կողմէ կատարուած ընդարձակ ռազմափորձը կը փաստէ Իսրայէլի մտահոգութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ եթէ լիբանանեան քաղաքական ուժերը պատրաստ չեն երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու, ապա երկրին մէջ լուրջ հարց գոյութիւն ունի:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ առաւօտեան թռիչքներ գործեց Նապաթիէի վերեւ:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը կը պատրաստուի «Բարձունքները արշալոյսը» գործողութեան մասնակցած զօրամասերը տեղակայել պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին շրջակայքը: Նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը ամրապնդուած է, իսկ արեւմտեան զգուշացումները` չափազանցուած:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին միջեւ ընտրական գործակցութիւնն ու դաշինքը պիտի մնան, առանց նուազագոյն փոփոխութեան:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կայունութիւն կայ, եւ երկրին ապահովութիւնը խախտելու փորձերը արտօնելի չեն:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, նախարար Թալալ Արսլանի միջեւ ընտրական դաշինքը պիտի շարունակուի:

 

Նախորդը

Թուրքիա Եւ Ժապհաթ Նուսրա Իրենց Ուժերը Կը Կուտակեն Սուրիա-Թուրքիա Սահմանին Վրայ

Յաջորդը

Ժոմպլաթ. «Աշխատավարձի Յաւելումներուն Իմաստով Լուրջ Հարցեր Պիտի Դիմագրաւենք»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.