Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 19, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Ալի պըն Համատ Մըրիի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները, յատկապէս առողջապահութեան եւ դեղօրայքի մարզին մէջ:

ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՈՒՄԻ պետական նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպող խորհուրդին կազմութիւնը կը փաստէ, թէ այդ ընտրութիւնները կատարելու լրջութիւնը առկայ է:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ չինացիները ներդրումներ պիտի կատարեն Լիբանանի ենթակառոյցներու մարզին մէջ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի հաստատեց, որ Լիբանան այսօր ապահով եւ կայուն երկիր է իր Դիմադրութեան շնորհիւ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ Լիբանանի պատմութիւնը կը վկայէ, թէ հաղորդագրութիւններն ու ճառերը չեն պաշտպաներ երկրին գերիշխանութիւնը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ խզեց Լիբանանի օդային սահմանները` թռիչքներ գործելով հարաւային Լիբանանի, յատկապէս Արքուպի, Հասպայայի եւ Հարամունի բարձունքներուն վերեւ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ երեսփոխան Ապտել Մեժիտ Սալեհ ընդգծեց, որ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութեան» եռեակ տարազը փաստած է, թէ ինք Լիբանանի պաշտպանութեան ոսկեայ տարազն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր հաստատեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան Դ. երկարաձգումի հաւանականութեան ակնարկող որեւէ յայտարարութիւն կամ մեկնաբանութիւն խիստ մերժելի է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ Իսրայէլի կողմէ իրագործուող ռազմափորձերը Լիբանանի դէմ իսկական սպառնալիքներ կը նկատուին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաամէ Թոհմէ շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան նեցուկ կանգնիլը Սէուտական Արաբիոյ սկզբունքներուն մաս կը կազմէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր հաստատեց, որ անկարելի է խուսափիլ երեսփոխանական ընտրութիւններէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները հիմնական են: Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան վարչամեքենային դէմ բողոքող ուժերուն ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները եւ քուէարկելու ի նպաստ անոնց, որոնք կը փափաքին փոփոխութիւն յառաջացնել:

«ՍԹԵԹԻՍԹԻՔՍ ԼԵՊԱՆՈՆ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռապիհ Հապըր յայտնեց, որ կենսաչափական անձնաթուղթին ստեղծելիք թեքնիք դժուարութիւնները կրնան պատճառ դառնալ երեսփոխանական ընտրութիւններուն թուականը յետաձգելու:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ լիբանանեան թղթոսկին կայուն պահելու միջոցներն ու կարելիութիւնները միշտ առկայ են:

 

Նախորդը

Քրտական Հանրաքուէէն Մէկ Շաբաթ Առաջ. Թուրքիա Հիւսիսային Իրաքի Հետ Սահմանին Մօտ Ռազմափորձեր Կը Կատարէ

Յաջորդը

Սամի Ժեմայէլ. «Կը Մերժենք Մասնակի Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Չեղեալ Նկատել»

RelatedPosts

Պըրրի Կը Հակադարձէ Պարրաքի
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի Կը Հակադարձէ Պարրաքի

Դեկտեմբեր 12, 2025
Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»

Դեկտեմբեր 12, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Իսրայէլեան «Մերքաւա»-ի Մը Կողմէ Սարտէի Մօտ Պարեկութիւն Կատարող Ուժի Մօտ Կրակ Բանալը Թիւ 1701 Որոշումի Վտանգաւոր Խախտում Է»

Դեկտեմբեր 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?