Սահմանադրական խորհուրդը երէկ գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց տուրքերու օրէնքին մասին Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի ներկայացուցած վիճարկումը:
Նիստին նախագահեց Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ դատաւոր Իսամ Սլէյման:
Սահմանադրական խորհուրդը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ վաղը` չորեքշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2017-ին, տուրքերու օրէնքի վիճարկումին մասին իր վերջնական որոշումը տալու նպատակով:


