Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակը Կը Հաստատէ Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Տարաձայնութիւններով Չտարուելու

September 18, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ընկերային ցանցերու ընդմէջէն կը տարածուին տարաձայնութիւններ, թէ երկրին մէջ պիտի արձանագրուին ապահովական վտանգներ, այլ խօսքով` պիտի կատարուին ահաբեկչական հաւանական գործողութիւններ, որոնք կրնան թիրախ դարձնել առեւտրական, զբօսաշրջական եւ բնակարանային համալիրներ:

«Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը կը հաստատէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը: Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը միշտ կը կատարէ ահաբեկիչներու ձերբակալման կանխարգելիչ գործողութիւններ` կազմաքանդելով ահաբեկչական բջիջներ, որոնց շարքին էր քանի մը օր առաջ ահաբեկչական ամէնէն վտանգաւոր բջիջներէն մէկուն քայքայումը:

Կոչ կ՛ուղղենք քաղաքացիներուն տարաձայնութիւններով չտարուելու եւ կը շեշտենք, որ բանակը ապահովական բոլոր միջոցառումներուն դիմած է` երկրին ապահովական կայունութիւնը աւելի եւս արմապնդելու», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Այս առիթով Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա յայտնեց, որ «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութենէն ետք պէտք է զգուշանալ, որովհետեւ Լիբանան պիտի շարունակէ ահաբեկչութեան թիրախ մնալ, այնքան ատեն որ Սուրիոյ պատերազմը չէ աւարտած:

Բանակը շաբաթավերջին շարունակեց պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին շրջակայքը ապահովական միջոցառումներ որդեգրել: Շուրջ շաբաթէ մը ի վեր բանակին որդեգրած ապահովական այս քայլերուն շրջագիծին մէջ գաղթակայան մուտք գործող բոլոր ինքնաշարժները մանրազնին խուզարկումի կ՛ենթարկուին, իսկ ինքնաշարժներուն մէջ գտնուողներուն անձնաթուղթերն ու փաստաթուղթերը ստուգումի կ՛ենթարկուին:

Այս շրջագիծին մէջ, բանակը Տարպ Էլ Սիմի իր անցարգելին վրայ ձերբակալեց Շատի Իսան, որ Նմըր Իսայի եղբայրն է: Նմըր Իսա մօտիկ բարեկամը կը նկատուի ահաբեկիչ Շատի Մաուլաուիի:

Այն Հելուէ գաղթակայանին շուրջ բանակը ապահովական այս խիստ միջոցառումներուն դիմած է ստանալէ ետք այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարութիւնները կը միտին գաղթակայանէն դուրս գալ:

Նշենք, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը հիւսիսային Լիբանանի, յատկապէս Թրիփոլիի մէջ ձերբակալեց 22 յանցագործներ, որոնց մեծ մասը ահաբեկչական խմբաւորումներու անդամներ են:

 

Նախորդը

Զօր. Աուն Պարգեւատրեց «Բարձունքներու Արշալոյսը» Գործողութեան Մասնակցած Բանակի Զօրամասերը

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ Կենսաչափական Անձնաթուղթին Եւ Արտերկրի Լիբանանցիներուն Ելեկտրոնային Քուէարկութեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.